Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Իտալի ընդհանուր տնօրէն Նեպիլ Այթանին եւ Լիբանանի մէջ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Քանաանը:
Հանդիպումին ընթացքին շարունակուեցաւ կրօնական զբօսաշրջութեան տարեկան ծրագիրի մշակումը, ինչպէս նաեւ որոշուեցաւ կազմակերպել միօրեայ դռնփակ հանդիպում մը, որուն հիմնական նպատակն է նպաստել զբօսաշրջութեան մարզին` ընդհանրապէս, իսկ կրօնական զբօսաշրջութեան` յատկապէս:
Հանդիպումէն ետք Քանաան շեշտեց, որ հանդիպումին նպատակն է նաեւ տեղական զբօսաշրջութիւնը քաջալերելու նպատակով ներդրումներու չափանիշները ճշդել, որպէսզի տեղական մակարդակով եւս զբօսաշրջութիւնը կարելի ըլլայ բարգաւաճեցնել: