Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Պաշտօնապէս Յետս Կոչեց Իր Հրաժարականը

December 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Պաապտայէն պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ինք յետս կը կոչէ իր հրաժարականը` հաստատելով, որ կառավարութիւնը կազմող բոլոր ուժերը յանձնառու կը մնան Լիբանանը տագնապներէ, բախումներէ, պատերազմներէ եւ արաբական երկիրներու ներքին հարցերէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան, որպէսզի կարենան Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները ապահովել արաբական երկիրներուն հետ:

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որմէ առաջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ  Հարիրիի միջեւ:

Կառավարութիւնը վերահաստատեց Թաէֆի համաձայնագիրին եւ Ազգային ուխտին իր կառչածութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Ազգային ուխտի երկրորդ յօդուածը, որուն համաձայն` Լիբանան արաբական ինքնութիւն եւ պատկանելիութիւն ունի:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրի արգելափակուած էր` ընդգծելով, որ աշխարհի վրայ ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ Լիբանանի արժանապատուութեան դպչիլ: «Մեծ եւ փոքր երկիրներ չկան, անոնք բոլորը հաւասար են իրարու` արժանապատուութեամբ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը կը մնայ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու հիմքը:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի նիստին ընթացքին մաղթեց, որ երկրին քաղաքական ուժերը Լիբանանի կայունութիւնը պաշտպանելու եւ արաբական երկիրներուն հետ եղբայրական յարաբերութիւնները պահպանելու նպատակով նոր էջ մը բանան:

«Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները` երկրին կայունութիւնը չեմ զոհեր, իսկ Լիբանանը ապահովական եւ յարանուանական հրդեհներէ պաշտպանելը ամէն բանէ վեր է», շեշտեց Հարիրի:

Ան ընդգծեց, որ ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը բանիւ եւ գործով կիրարկելու պարագային արդէն իսկ կարելի է Լիբանանը պաշտպանել, «եւ այս մասին նախագահ Աուն բազմիցս յայտարարած է», աւելցուց վարչապետը:

Նիստէն ետք վարչապետ Հարիրի կարդաց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Լիբանանի կառավարութիւնը զինք բաղկացնող քաղաքական բոլոր ուժերով յանձնառու կը մնայ Լիբանանը տագնապներէ, բախումներէ, պատերազմներէ եւ արաբական երկիրներու ներքին հարցերէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան, որպէսզի կարենայ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները ապահովել արաբական երկիրներուն հետ:

Կառավարութիւնը կը վերահաստատէ, որ անշեղ կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրէն եւ Ազգային ուխտէն, յատկապէս նկատի ունենալով Ազգային ուխտի երկրորդ յօդուածը, որուն համաձայն` Լիբանան արաբական ինքնութիւն եւ պատկանելիութիւն ունի, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի հիմնադիրներէն է ու անոր լիիրաւ անդամ երկիր մը, որ նախանձախնդիր է լիկայի ուխտին: Լիբանան անդամ է նաեւ ՄԱԿ-ին եւ յանձնառու կը մնայ անոր ուխտին, ինչպէս նաեւ անդամ է ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին: Լիբանանը այդ սկզբունքները կը մարմնաւորէ, ինչպէս նաեւ կը ձգտի արաբական երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները պահպանել:

Ի վերջոյ, նախարարաց խորհուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնէ վարչապետին` հրաժարականը յետս կոչելու անոր կեցուածքին համար»:

Նախորդը

Հարիրի Նախագահեց Մուսթաքպալի Նիստին, Իսկ Ուրբաթ Օր Փարիզի Մէջ Կը Հանդիպի Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներու Պատասխանատուներուն

Յաջորդը

Ալիեւ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչին Հետ Քննած Է Արցախի Հարցը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.