Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Երկրին Քաղաքական Կայունութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Առաջնահերթութիւն»

December 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով երկրին քաղաքական վերջին զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Քանսօ նշեց, որ նախագահ Աունը շնորհաւորած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարումին պատճառով ստեղծուած քաղաքական տագնապը իմաստուն կերպով լուծելուն համար:

Ան շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատած է, որ երկրին քաղաքական կայունութիւնը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն` աւելցնելով, որ առանց այդ կայունութեան կարելի չէ տնտեսական, ելեւմտական եւ ապահովական կայունութիւն հաստատել:

Քանսօ շեշտեց, որ իրենք համաձայն են, որ Լիբանանի եւ արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ըլլան հաւասարակշռուած, ինչպէս նաեւ յարգուի Արաբական լիկայի ուխտը, որուն շրջագիծին մէջ երկիրները իրարու ներքին հարցերուն միջամուխ չեն կրնար ըլլալ:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու Քեսրուանի կարիքները:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Արտակարգ Նիստ Մը

Յաջորդը

«Պաքու Դրական Կը Գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Ռուսիոյ Գործողութիւններուն Աշխուժացումը» Կ՛ըսէ Մամետով

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.