Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Պըրրի շաբաթավերջին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ դրական մթնոլորտ կը տիրէ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, պէտք է անպայման քաղաքական կեցուածք մը հրապարակել` հակակշիռի տակ առնելու համար Լիբանանի մէջ տիրող իրարանցումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան լուսանցքայնացումը չի կրնար այս կամ այն քաղաքական կողմին նպատակը ըլլալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ եթէ յետին նպատակներ չկան, ապա կարելի է շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան մասին յանգիլ բանաձեւի մը, որ քաղաքական բոլոր կողմերը գոհ կը պահէ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար երկրին դրամատուներուն մասին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպայրի խօսքերը հանդուրժել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խախտեց Լիբանանի օդային սահմանները` թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործելով Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի  շրջաններուն վերեւ:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը չի մեղադրեր` աւելցնելով, որ այս մասին բոլոր մեկնաբանութիւնները զրպարտութիւններ են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը կրնայ լիբանանեան քաղաքական ներկայ տագնապը լուծելու ծրագիր մը ըլլալ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ կարիքաւոր Պեքաայի նկատմամբ լիբանանեան պետութեան ցուցաբերած մօտեցումը սխալ է եւ թերի: Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է լուրջ ծրագիր մը մշակել այդ շրջաններուն կարիքները հոգալու իմաստով:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին կը յայտնեն, թէ Հըզպալլայի զինուորական կարողութիւններուն բարելաւումը կը մտահոգէ Իսրայէլը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ներքին գործոց նախարարութենէն, կը գրէ, թէ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւնները քաղաքական հարց կը նկատուին եւ ոչ թեքնիք:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան ոչ մէկ շահ կրնայ ունենալ Ծոցի երկիրներուն հետ բախումներու առումով:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը ստանձնած նախարարական յանձնախումբը մօտիկ ապագային պիտի կարենայ լուծում մը գտնել այդ հարցին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի անձնական որոշումը վարչապետի պաշտօնին պահպանումն է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ յարաբերութիւնը բաւական վատ է:

Նախորդը

Եմէն. Նախկին Նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ Սպաննուեցաւ

Յաջորդը

Օրդ. Միշել Քերթեշեան Նշանակուեցաւ Առողջապահական Քննիչ

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?