Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համախմբումը Կը Զօրակցի Կառավարութեան Հաղորդագրութեան Եւ Կ՛ողջունէ Հարիրիի Վերադարձը» Ընդգծեց Քանաան

December 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ համախմբումը կը զօրակցի կառավարութեան հաղորդագրութեան, կ՛ողջունէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձը եւ կոչ կ՛ուղղէ միասնականութեան եւ զօրութեան պահը օգտագործելու` նուաճումներու իրականացման համար:

Քանաան դրուատեց կառավարութեան աշխատանքի վերադարձը` հաստատելով, որ նախարարաց խորհուրդը հետզհետէ պիտի վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնը` աւելցնելով միաժամանակ, որ այդ աշխատանքին հեզասահ ընթացքը ապահովելու միակ պայմանը սահմանադրութեան ու հաստատութիւններու նկատմամբ յարգանքն է:

Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ հաստատուած ապահովական կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը պէտք է յարգել: Ան նշեց, որ բոլոր լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը վայելող Լիբանանի նախաձեռնած դիւանագիտական շարժումը կրցաւ միջազգային զօրակցութիւն ապահովել` ի նպաստ լիբանանեան օրինականութեան եւ վարչապետին վերադարձին:

Քանաան կոչ ուղղեց լաւ գիտակցելու արձանագրուած ազգային այդ նուաճումին արժէքը եւ քաղաքական բոլոր ուժերը հրաւիրեց գործակցութեան:

Այս շրջագիծին մէջ Քանաան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իմաստուն քաղաքականութիւնը եղած է անկիւնադարձային:

«Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կարմիր գիծ է, եւ երկրին նկատմամբ հսկայ զօրակցութիւն կայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք է վերջ տալ ամէն տեսակ տարակարծութեան եւ միասնականութեամբ գործել:

 

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Մը

Յաջորդը

Հարիրի Նախագահեց Մուսթաքպալի Նիստին, Իսկ Ուրբաթ Օր Փարիզի Մէջ Կը Հանդիպի Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներու Պատասխանատուներուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.