Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեցին Ֆրանսայի նախագահի յատուկ պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիանը` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Մարուան Համատէի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական վերջին զարգացումներուն եւ ընդհանուր կացութեան:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լը Տրիանի այցելութիւնը կը ներկայացնէ դիւանագիտական պատկեր մը, որ մտածել կու տայ, թէ Փարիզ մուտք կը գործէ լիբանանեան թղթածրարին մէջ աւելի ներգրաւուածութեան փուլ, շրջանային զգայուն ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ անվտանգութեան սպառնալիքները կը խաչաձեւուին քաղաքական ճնշումներու հետ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լը Տրիանի եւ հանրապետութեան նախագահի հանդիպումին մէջ տիրական էր զինուորական ու բանակցային բնոյթը»:

. ԸՍՏ «Էմ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութեան, «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լը Տրիանի հետ իր հանդիպումի ընթացքին շեշտը դրած է իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Լը Տրիանի այցելութիւնը դեսպան Սիմոն Քարամի նշանակման որոշումին աջակցութեան ֆրանսական դիրքորոշման ծիրին մէջ է»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Միջազգային պատուիրակներու այցելութիւններուն մէջ սկսած է տիրական դառնալ ուշագրաւ երեւոյթ մը` անոնց ազգային պատկանելիութեան եւ քաղաքական կողմնորոշումներու տարբերութիւնները չեն խանգարած անոնց լիակատար համաձայնութիւնը պետութեան ուղղուած նոյնական խորհուրդներու եւ նախազգուշացումներու շուրջ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Թել Աւիւի մէջ գոյութիւն ունին գնահատականներ, թէ իսրայէլեան բանակը կրնայ օդային պայմաններու բարելաւումին եւ կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդի ու Նոր տարուան տօներուն աւարտէն ետք գործի լծուիլ` ամբողջացնելու համար Հըզպալլան զինաթափելու գործողութիւնը»:

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան արդարադատական պատուիրակութիւն մը վաղը` չորեքշաբթի պիտի այցելէ Դամասկոս` քննարկելու համար արդարադատական համաձայնութեան նախագիծ մը, որ կ՛արտօնէ սուրիացի կալանաւորուածներն ու դատապարտեալները իրենց երկրին յանձնել եւ լիբանանեան օրէնքներուն չի հակասեր, որպէսզի այս թղթածրարը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ բարդութիւններ չստեղծէ:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 6000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.456.000 լ.ո.-ի եւ 1.495.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 18000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.390.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 29000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.138.000 լ.ո.-ի:

 

Նախորդը

Բռնցքամարտ. Անի Յովսէփեանի Յաջորդ Մրցումը` Մարտին

Յաջորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակումներու Շարք Մը Գործեց

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.