Լիբանանեան

Սալամ Շարհի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Սուրիա  Յարաբերութիւններու Զարգացման Կարելիութիւնները

Սալամ Շարհի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Սուրիա Յարաբերութիւններու Զարգացման Կարելիութիւնները

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ: Հանդիպումը յատկացուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման եւ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւններու քննարկման: Սալամ Տոհայի մէջ նաեւ հանդիպում ունեցաւ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյցի հետ եւ զինք հրաւիրեց Լիբանան այցելելու: Համաձայնութիւն գոյացաւ յառաջիկայ տարի անոր Պէյրութ այցելութեան կարելիութեան շուրջ քննարկումը շարունակելու յունուարին:

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի  Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքին Եւ Կը Հաւատանք,  Թէ Այդ Հարցերուն Վերաբերեալ  Որոշումները Ներքին Հարց Են»

Թեհրան. «Լիբանանի Ներքին Հարցերուն Չենք Միջամտեր, Հըզպալլան Իր Քաղաքականութիւնը Ինք Կը Ճշդէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Լիբանանի ներքին հարցերուն բացարձակապէս չենք միջամտեր»: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը «Հըզպալլան լիբանանեան հասարակութեան մէջ խոր արմատներ ունի եւ գործունեայ է, եւ ինք կ՛որոշէ իր վարքագիծն ու քաղաքականութիւնը», ըսաւ ան` պատասխանելով լրագրողներու հարցումին: «Շրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան մեր յանձնառու ըլլալը եւ սիոնական գոյացութեան նկատմամբ մեր դիրքորոշումը հրապարակաւ յայտարարելը պէտք չէ...

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի.  Թրամփ Կ՛ուզէ Լիբանանի Մէջ Կռիւի Մագլցումը  Արգիլել Եւ Նեթանիահուին Կը Յանձնարարէ  Դիւանագիտութեան Դիմել

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Թրամփ Կ՛ուզէ Լիբանանի Մէջ Կռիւի Մագլցումը Արգիլել Եւ Նեթանիահուին Կը Յանձնարարէ Դիւանագիտութեան Դիմել

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը նշեց. «Մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կը յանձնարարէ մագլցումով սպառնալէն դիւանագիտութեան դիմել եւ վստահութեան կառուցման քայլեր կատարել, Նեթանիահու կառչած կը մնայ «ամբողջական յաղթանակ»-ին, որ Համասի եւ Հըզպալլայի զինաթափումը կը ներառէ»: «Ոչ ոք գիտէ, թէ Նեթանիահուի նպատակը ի՛նչ է, մինչ իսրայէլեան բանակը, Թրամփէն ներշնչուած աշխուժ կռիւին վերջ տուող քաղաքական հիմք մը կը...

Ապտելաթի. «Կ՛աջակցինք Որեւէ Հոլովոյթի,  Որ Կը Յանգեցնէ Մագլցումի Մեղմացման  Եւ Լիբանանի Վրայ Յարձակումի Ուրուականի Հեռացման»

Ապտելաթի. «Կ՛աջակցինք Որեւէ Հոլովոյթի, Որ Կը Յանգեցնէ Մագլցումի Մեղմացման Եւ Լիբանանի Վրայ Յարձակումի Ուրուականի Հեռացման»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Կ՛աջակցինք որեւէ դիւանագիտական եւ քաղաքական հոլովոյթի, որ կը յանգեցնէ մագլցումի մեղմացման եւ Լիբանանի դէմ յարձակումի ուրուականի հեռացման, ինչպէս նաեւ կայունութիւն կը հաստատէ»: «Անցեալ տարի ստորագրուած թշնամական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, եւ Լիբանան ամբողջական կերպով կը յարգէ այս համաձայնութիւնը», ըսաւ ան: Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց. «Լիբանանեան կողմին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

  . ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանեան դիրքորոշումը այսօր հիմնուած է երեք իրարու կապուած հոլովոյթներու` յարձակումը դադրեցնող եւ հողերը վերադարձնող լուրջ բանակցութեան ճամբով թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը, բանակին աջակցիլն ու անոր ներկայութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ իբրեւ անդառնալի հոլովոյթ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելը»: . «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «վարչապետ Սալամ ամերիկացի պատուիրակ Օրթէյկըսը Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութեան ի պատիւ ճաշէն ետք...

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան  Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առտու Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը: Նախագահը պատուիրակութեան յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու է միջազգային որոշումներու գործադրութեան: Ան կոչ ուղղեց իր առաքելութեան ամբողջացման մէջ աջակցելու լիբանանեան բանակին` մատնանշելով ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ բոլոր մակարդակներուն վրայ աշխատանքն ու զինադադարի հսկողութեան «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին հետ համակարգումը: «Կարիքը ունինք իսրայէլեան կողմը մղելու, որպէսզի գործադրէ զինադադարն ու հեռացումը, եւ...

Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»

Պըրրի. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Նոր Բանագնացի Դերը Բացառապէս Թեքնիք Է Եւ Ոչ Քաղաքական, Եւ Ես Միայն Թեքնիք Դերը Պիտի Ճանչնամ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, մեկնաբանելով նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին միացնելու քայլը, նշեց. «Ինծի համար կարեւորը այն է, թէ ան ի՞նչ պիտի ընէ: Զինադադարի, խախտումներու եւ հեռացումի հարցերո՞վ պիտի զբաղի: Եթէ այդպէս է, հարց չունիմ: Ատկէ դուրս բան չեմ ճանչնար»: «Ասաս Միտիա» կայքին համաձայն, Պըրրի հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Ինծի համար դերը անձէն ու անունէն կարեւոր է: Առաջինն էի,...

Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը  «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի  Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ

Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլի հետ գործակցիլը կը նշանակէ նաւին մէջ ծակ յառաջացնել, եւ այդ պարագային բոլորը պիտի խեղդուին»: Անդրադառնալով «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ քաղաքայինի մը նշանակման` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց. «Պետութիւնը Իսրայէլին ձրի զիջում տրամադրեց, որ համազօր է 5 օգոստոսի սայթաքումի շարունակման»: «Իսրայէլի ծառաներուն» կարեւորութիւն պիտի չընծայենք, եւ աշխարհի վրայ ոչ ոք...

Պայրագտարեան Տոհա Այցելեց

Պայրագտարեան Տոհա Այցելեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան 1 դեկտեմբերին այցելեց Տոհա` ընդառաջելով իր քաթարցի պաշտօնակից շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Պըն Համատ Ալ Թանիի Քաթարի իշխանի հովանաւորութեամբ 2025 թուականի ֆութպոլի Արաբներու բաժակի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուելու հրաւէրին: Նախարար Պայրագտարեան շնորհաւորեց Քաթարը Արաբներու բաժակի հոյակապ սկզբնաւորութեան եւ բացման բարձրորակ հանդիսութեան համար: Ան ըսաւ, որ Տոհայի համար նորութիւն չէ կարելի չափով բարձրորակ մեծ...

Համտան. «Օրթէյկըսի Այցելութեան Նպատակը  Լիբանանը Թշնամիին Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Յանգեցնող Բանակցային  Հոլովոյթի Մէջ Ներքաշելն Է»

Համտան. «Հողի Պաշտպանութիւնը Բնական Իրաւունք Է, Եւ Լուծումը «Բանակ, Ժողովուրդ Եւ Դիմադրութիւն» Սկզբունքին Հիմամբ Է»

Ամալ շարժումի ղեկավար մարմինի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Լիբանանի մէջ բոլորը պէտք է օգտուին այցելութենէն Լեւոն ԺԴ. պապին, որ Լիբանանը պատուեց այս այցելութեամբ, եւ որ բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն կողմէ ողջունուեցաւ, եւ անոր կոչը մարդու համար աշխատիլն էր»: «Հողի պաշտպանութիւնը մեքենայական հարց է եւ բնական հակազդեցութիւն», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք պետութեան մեզ լքելուն գինը վճարեցինք, ինչպէս նաեւ արաբական անհոգութեան ու...

Լիբանան-Իսրայէլ Ուղղակի  Բանակցութիւններու Կոչ Ուղղելով`  Պարրաք. «Հըզպալլան Կարելի  Չէ Բռնի Ուժով Զինաթափել»

Լիբանան-Իսրայէլ Ուղղակի Բանակցութիւններու Կոչ Ուղղելով` Պարրաք. «Հըզպալլան Կարելի Չէ Բռնի Ուժով Զինաթափել»

Ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք նշեց. «Հըզպալլան կարելի չէ բռնի ուժով զինաթափել», եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու կոչ ուղղեց: «Սքայ Նիուզ Արապիա» հաղորդեց, որ ան այս մասին յայտարարած է Ապու Տապիի մէջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին: Պարրաք «չափազանց մեծ մտահոգութիւն» յայտնած է Լիբանանի մէջ պատերազմի վերադարձէն: Միւս կողմէ, «Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ ան նշած է, որ Թուրքիան կը մօտենայ շրջանցելու այն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս Ապահովութեան Խորհուրդի պատուիրակութեան հետ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Դեսպան Սիմոն Քարամի անձը տպաւորիչ է, եւ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ժողովը աւելի լաւ էր, որովհետեւ անոր քաղաքայիններ մասնակցեցան»: . ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ յունիսին ընթացք առած սուրիացի գաղթականներու անվտանգ եւ կազմակերպուած տունդարձի ծրագիրի 12-րդ փուլին աւելի քան 378 հազար սուրիացի գաղթականներ...

Նախագահ Աուն. «Անհրաժեշտ Է, Որ Պատերազմի  Լեզուին Տեղ Բանակցութեան Լեզուն Տիրէ»

Նախագահ Աուն. «Անհրաժեշտ Է, Որ Պատերազմի Լեզուին Տեղ Բանակցութեան Լեզուն Տիրէ»

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն սկիզբը նախագահ Աուն խօսեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութեան մասին եւ կարեւորութեամբ նշեց լիբանանցիներուն եւ անոնց միասնականութեան պատկերը: «Դեսպան Սիմոն Քարամի «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան պետ նշանակումը տեղի ունեցաւ իմ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ Նաքուրայի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունենալու անհրաժեշտութեան եւ յանձնախումբին քաղաքային անձ...

Սահմանագծումի Անուղղակի Բանակցութիւններու  Չորրորդ Նիստը Աւարտեցաւ.  Հինգերորդը` 2 Դեկտեմբերին

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն Կը Յուսայ, Որ «Մեքանիզմ»-ի Ժողովը Նպաստէ Լիբանանի Մէջ Պատերազմի Վերսկսումէն Խուսափելու

«Աքսիոս» կայքը Նաքուրայի մէջ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի վերջին ժողովին շուրջ տեղեկատուութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլէն եւ Լիբանանէն դիւանագէտներ չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ ժողով գումարեցին եւ քննարկեցին տնտեսական ծրագիրներու մէջ գործակցութիւնը` նպաստելու համար երկու երկիրներու հասարակաց սահմանին մօտ գտնուող հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան կայունացման»: Ամերիկեան կայքը նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը 9 ամիսներէ ի վեր կը փորձէ Իսրայէլի եւ...

«Սալամին Փոխանցեցի, Թէ Քաթար Պիտի Շարունակէ  Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Աջակցիլ Լիբանանեան Կառավարութեան»  Կ՛ըսէ Քաթարի Դեսպանը

«Սալամին Փոխանցեցի, Թէ Քաթար Պիտի Շարունակէ Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Աջակցիլ Լիբանանեան Կառավարութեան» Կ՛ըսէ Քաթարի Դեսպանը

Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Քաթարի դեսպանը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանդիպում ունեցայ վարչապետին հետ, որ վաղը պիտի մեկնի Տոհա` մասնակցելու համար Տոհայի ֆորումին, եւ անոր փոխանցեցի, թէ Քաթարի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ բոլոր ոլորտներուն` տնտեսական, քաղաքական, զինուորական եւ առողջապահական ոլորտներուն մէջ աջակցիլ լիբանանեան կառավարութեան»: «Մենք Լիբանանով հետաքրքրուած...

Սալամ-Քարամ Հանդիպում

Սալամ-Քարամ Հանդիպում

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մասնակից լիբանանեան պատուիրակութեան պետ, դեսպան Սիմոն Քարամը, որ իրեն ներկայացուց Նաքուրայի մէջ չորեքշաբթի օր գումարուած «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովին արդիւնքները: Սալամ ընդգծեց, թէ Քարամի լիբանանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորելը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի աշխատանքի յառաջ մղման մէջ կարեւոր քայլ է»: Վարչապետը նաեւ ընդունեց «Ռեժի» հաստատութեան տնօրէն Նասիֆ Սաքլաուին, որուն կ՛ընկերակցէր «Ռեժի»-ի վարչական խորհուրդի անդամներէն պատուիրակութիւն մը:...

Ռայի Պատրիարքը Պուխարիի Հետ Քննարկեց  Լեւոն ԺԴ. Պապին Այցելութեան Արդիւնքները

Ռայի Պատրիարքը Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լեւոն ԺԴ. Պապին Այցելութեան Արդիւնքները

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութեան արդիւնքներուն եւ այդ այցելութեան պարունակած խաղաղութեան, ընկերային, բարոյական ու մարդասիրական կեցուածքներուն:  

Շիպանի Ստանձնեց Լիբանանի  Դեսպանին Հաւատարմագիրները

Շիպանի Ստանձնեց Լիբանանի Դեսպանին Հաւատարմագիրները

Սուրիոյ արտաքին գործոց եւ արտերկրի սուրիացիներու հարցերու նախարար Հասան Շիպանի Դամասկոսի մէջ ընդունեց Լիբանանի դեսպան Հանրի Քասթունը, որ իր հաւատարմագիրներէն օրինակ մը յանձնեց նախարարին` առ ի պատրաստութիւն Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանի իր պաշտօնի ստանձնման: Այս մասին հաղորդեց ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը:    

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները

Բանակը Կը Հերքէ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հերքեց օտար կայքի մը հաղորդած` կարգ մը զինուորներու պատկանելիութեան եւ որոշ կողմի մը հաւատարմութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները` վստահեցնելով, որ բանակի բոլոր անդամները «զինուորական յստակ ու հաստատ հաւատամք ունին, եւ անոնց ամբողջական հաւատարմութիւնը զինուորական հաստատութեան ու հայրենիքին է»: Բանակը կոչ ուղղեց` «չտարածելու կասկածելի լուրերը, որոնց նպատակը բանակը վարկաբեկելն է, մասնաւորաբար մեր հայրենիքին գտնուած ներկայ նուրբ կացութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը մարդասիրական ոլորտին մէջ գործող ՄԱԿ-ի գործակալութիւններէն եւ միջազգային գործընկեր կազմակերպութիւններէն խնդրած է աշխուժացնել արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրները` պատերազմական հաւանական բեմագրութեան կանխատեսումով, որ ՄԱԿ-ի գնահատականներով կրնայ յանգեցնել շուրջ մէկ միլիոն լիբանանցիներու հարաւէն, Պեքայի հովիտէն եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն տեղահանման»: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Սիմոն Քարամի «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի մէջ Լիբանանի պատուիրակութեան պետ նշանակումը...

Page 69 of 986 1 … 68 69 70 … 986

Արխիւներ