. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբն է, որ Լիբանանին պիտի իշխէ, ընտրութիւններուն վերահսկէ եւ կառավարէ ներկայ կացութենէն սպասուող նոր կացութիւնը»:
. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ վարչակազմէն շրջանակներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Նախկին դեսպան Սիմոն Քարամի նշանակումը ուղղակի եւ անուղղակի բանակցութիւններէն եւ թեքնիք բնոյթէն անդին կ՛անցնի: Այս քայլը պետութեան հաստատութիւնները թիրախաւորումէ զերծ կացեցուց»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի յառաջիկայ հանդիպումին արդիւնքին նկատմամբ սպասման եւ զգուշաւորութեան մթնոլորտ կը տիրէ` հաշուի առնելով, որ առաջին բանակցային հանդիպումը նախնական հանդիպում էր, որուն ընթացքին քննարկումը սահմանափակուեցաւ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի հանդիպումներու նոր ուղիի ծիրով»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը ապահովական կացութենէն կախեալ է: Երեսփոխանական ընտրութիւններու կառավարութեան կողմէ ներկայացուած ընտրական օրէնքը յարմարագոյն լուծումն է»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Սկսանք յոռետեսութեան մակարդակի նուազում տեսնել, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ պատերազմի ուրուականը Լիբանանէն հեռացուցինք, որովհետեւ Իսրայէլ կը շարունակէ իր առօրեայ յարձակումները, եւ մեզի հասաւ անոր պատգամը, թէ բանակցելու համար կրակոցը պիտի չդադրեցնէ, եւ կրակոցը անոր համար բանակցութենէն աւելի կարեւոր է»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ֆրանսացիները աշխատանք կը տանէին բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովը մէկ ամիս առաջ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարելու, սակայն անոր մասնակից կարեւորագոյն պետութիւններուն մօտ ատոր նկատմամբ քաղջութիւն մը տիրեց»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Բանակին կարգ մը հարաւային գիւղերու մէջ պարեկութիւն կատարող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն չընկերակցելուն իսկական պատճառը այդ մէկը կատարելու բաւարար մեքենաներ ու զինուորներ չունենալն է»:


