Իսրայէլեան օդուժը երկուշաբթի շուրջ կէս գիշերին յարձակումներու շարք մը գործեց` թիրախաւորելով Ուատի Ռումինի մերձակայքը եւ Ժպահ գիւղի մերձակայքին մէջ Իքլիմ Թուֆահի բարձունքները:
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նախորդ կէս գիշերէն մինչեւ առաւօտ իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի Խիամ շրջանի Ուատի Ասաֆիր շրջանին մէջ բազմաթիւ շէնքեր պայթեցուցած է:
Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ իսրայէլացի բանակայիններ սահմանը անցնելով մուտք գործած են Ատայսէ շրջան եւ բնակարան մը պայթեցուցած:


