Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Պէյրութը Հաշուեյարդարի Կռուախնձոր Չէ, Իսկ Ներքին Հարցերուն Շուրջ Պէտք Է Հըզպալլայի Հետ Համաձայնիլ»

Փետրուար 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ եւ շնորհաւորեց զինք երկրորդ նստաշրջանի մը համար վերընտրուելուն առիթով:

Միւս կողմէ, շաբաթ երեկոյեան վարչապետ Հարիրի ներկայ գտնուեցաւ ընթրիքի երեկոյի մը, որ կազմակերպուած էր Պէյրութի ընտանիքներու համադաշնակցութեան նախկին նախագահ Մոհամետ Սըննոյի կողմէ:

Այս առիթով ան շեշտեց, որ այսօր իրենք կը գտնուին հսկայ մարտահրաւէրի մը դիմաց` նշելով, որ երեսփոխանական այս ընտրութիւնները նախորդ ընտրութիւններուն հետ բնաւ կարելի չէ համեմատել:

«Երեսփոխանական այս ընտրութիւններուն չենք կրնար ըսել` «ինչո՞ւ պէտք է քուէարկելու երթանք, ամէն պարագայի ընտրացանկը պիտի յաջողի»: Երեսփոխանական այս ընտրութիւններուն պարագային մէկ քուէն իսկ կրնայ արդիւնքին վրայ ազդել, հետեւաբար մարտահրաւէրները մեծ են», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ բոլորին համար ծանօթ է, թէ իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք Մուսթաքպալ հոսանքը թիրախ է: «13 տարիէ ի վեր մենք թիրախ ենք, եւ ոմանք կը մտածեն, թէ ընտրական այս օրէնքով կարելի է Մուսթաքպալ հոսանքը լուսանցքայնացնել կամ զայն անկարեւոր նկատել: Սակայն ատիկա ոչ ոք կրնայ վճռել կամ որոշել, բացի քուէատուփերէն: Ուրեմն որքան մեր համակիրները աւելի մեծ թիւով ուղղուին քուէարկելու, այդքան կ՛աւելնայ մեր յաղթանակին համեմատութիւնը», յայտնեց ան:

Վարչապետ Հարիրի նշեց, որ Լիբանանը կարելի չէ առանձին կառավարել` աւելցնելով, որ համերաշխութեամբ եւ քաղաքական բոլոր թեւերուն գործակցութեամբ է, որ կարելի կը դառնայ Լիբանանի պահպանումն ու բարգաւաճումը: «Այս իմաստով մենք Հըզպալլայի հետ կրնանք տարակարծիք ըլլալ ռազմավարական հարցերու առումով, սակայն ներքին լիբանանեան հարցերուն շուրջ պէտք է Հըզպալլայի հետ համաձայնիլ: Միայն լիբանանեան ներքին համախոհութեամբ է, որ կարելի է նուաճումներ եւ իրագործումներ կատարել, այլապէս անկարելի է նման բան, եւ մենք այս իմաստով անհրաժեշտ կը գտնենք Հըզպալլայի հետ համաձայնութիւնը», ընդգծեց Հարիրի:

Վարչապետը հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական ուղեգիծը զուտ ազգային է` աւելցնելով, որ վերջին օրերուն ստեղծուած հարցերը` Ա. կարգի պաշտօնեաներու նշանակումին ընթացքին, անընդունելի են: Ան նշեց, որ կարելի չէ համայնքային պատճառներով խտրութիւն կատարել, այլ` պէտք է խնդրոյ առարկայ անհատներուն ատակութիւնը նկատի ունենալ:

Այս իմաստով ան դիտել տուաւ, որ Պէյրութ հաշուեյարդարի կռուախնձոր չէ` աւելցնելով, որ Պէյրութ պէտք է պաշտպանուի բոլորին կողմէ եւ բոլորին համար, որովհետեւ բոլորը Պէյրութի մէջ կ՛ապրին:

Անդրադառնալով նախորդ քանի մը օրերուն երկրին մէջ տիրող իրավիճակին` վարչապետ Հարիրի ըսաւ, որ այդ յայտարարութիւնները Լիբանանը 30 տարի ետեւ տարած են, «սակայն փառք Աստուծոյ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի իմաստութեան շնորհիւ կարելի եղաւ համաձայնութեան մը յանգիլ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Սարրաֆ. «Լիբանանի Դէմ Սպառնալիքները Կտրականապէս Կը Մերժենք, Ե՛ւ Իսրայէլի, Ե՛ւ Ուրիշներուն Պարագային»

Յաջորդը

Մինչ Քաղաքական Անդորրը Ինքզինք Կը Պարտադրէ, Ընտրական Մթնոլորտը Կը Սկսի Պարուրել Երկիրը

RelatedPosts

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար»   Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը
Գլխաւոր լուրեր

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Նոյեմբեր 10, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Բացառուած Է»

Նոյեմբեր 10, 2025
Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?