Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Քաղաքական Անդորրը Ինքզինք Կը Պարտադրէ, Ընտրական Մթնոլորտը Կը Սկսի Պարուրել Երկիրը

Փետրուար 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբթուան գրեթէ աւարտին, իշխանութեան Ա. եւ Բ. պետերուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը երկրին անդորրը կիսով վերահաստատուեցաւ` փարատելով կարգ մը լուրջ մտահոգութիւններ:

Կը նախատեսուի, որ վաղը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարելիք այցելութեան ընթացքին դրական մթնոլորտը աւելի եւս ամրապնդուի ու լիբանանեան ներքին կայունութիւնը հզօրանայ:

Սակայն ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու չափանիշները աւելի ամուր կարելի է դասել, երբ կարելի կ՛ըլլայ դարմանել նաեւ հարցին միւս կէսը, որ կարծէք կարելի պիտի դառնայ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի Այն Թինէ կատարելիք այցելութեամբ:

Մինչ երկրին քաղաքական տարակարծութիւնները կը հարթուին, այս շաբթուան ընթացքին Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կը պատրաստուի գումարել իր յետաձգած նիստը:

Կառավարութիւնը իր կարգին կը պատրաստուի գումարել իր նիստը, որուն օրակարգը պիտի ըլլայ բաւական խճողուած` նկատի ունենալով, որ նախորդ երկու շաբաթներուն ան նիստեր չէ գումարած:

Այս բոլորին կողքին, այսօր Նաքուրայի մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանեան բանակին, իսրայէլեան ուժերուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան եռակողմանի հանդիպումը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի իսրայէլեան ուժերուն կառուցած սահմանային քարէ պատնէշին հարցը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան զայն կը մերժէ` նկատելով, որ ան կը կառուցուի 13 շրջաններու մէջ, որոնց պատկանելիութեան շուրջ տարակարծութիւն կայ:

Միւս կողմէ, այսօր պաշտօնապէս կը սկսի երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւններ առաջադրելու ժամանակամիջոցը:

Այս շրջագիծին մէջ երէկ երկրին մէջ եւ յատկապէս ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն վկայեցինք ընտրական մթնոլորտի նշոյլներուն:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ մեկնարկը կատարեց կուսակցութեան ընտրամեքենայի աշխատանքին: Ան կոչ ուղղեց բոլորին 6 մայիսին դառնալու փոփոխութեան զարկերակը: Ան շեշտեց, որ իրենց բառարանին մէջ  անձնատուր ըլլալ չկայ` աւելցնելով, որ 6 մայիսը պէտք է ըլլայ նոր Լիբանան մը կերտելու լիբանանցիներուն ընձեռուած առիթը:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ յայտարարեց կուսակցութեան ընտրական մեքենայի գործունէութեան մեկնարկը, որուն ընթացքին ըսաւ. «Լիբանանեան ուժերուն քաղաքական ծրագիրը յստակ է. անիկա լիբանանեան պետութեան կերտումն է»:

Ժահժահ հաստատեց, որ հակառակ իր հարցերուն, Լիբանան իսկապէս ժողովրդավարական երկիր է, «իսկ եթէ լիբանանցին կը փափաքի ներկայ հարցերը լուծել, ապա իր քուէով պէտք է ջանայ փոխել ներկայ իրավիճակը»:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն 6 մայիսին ուղղուելու քուէարկութեան կեդրոններ եւ քուէարկելու յանուն իրենց զաւակներու շահերու ապահովումին:

Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի ներկայ գտնուեցաւ Համայնավար կուսակցութեան կազմակերպած ընտրական խորհրդակցութիւններու լսարանի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ քաղաքական իմաստութիւնն ու բարոյական պարկեշտութիւնը կ՛ենթադրեն, որ հաշուետուութիւնը երաշխաւորուի:

Իր կարգին, նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն անունով չէ որ պիտի առաջադրէ` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժեր այլեւս գոյութիւն չունին:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ, որ դէպի քաղաքական ասպարէզ իր առաջին քայլերը կը նետէ, Պնաշհիի մէջ ընդունեց «Մարատա» հաստատութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որոնց ներկայութեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական համախոհութիւնը անհրաժեշտ է, «սակայն այդ համախոհութիւնը չէ կրցած Լիբանանի համար ելեկտրականութիւն կամ տնտեսական ծրագիր ապահովել: Ան նշեց, որ երկրին մէջ անիրաւութիւնը համատարած է»:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթ, որ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց ժողովրդային տասնեակ պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց անոնց շրջաններուն կարիքները:

Թայմուր Ժոմպլաթի այցելեցին Տէյր Պապա, Տումէյթ, Մընիէ, Տէյր Քամար, Պսապա, Պաաքլին, Պրիհ, Այն Քունայ, Ամաթուր, Քֆարնապրախ,Պարուք, Շուայա Այն Քանիա, Ժպաա, Մաժտալ Պաանա, Քֆարհիմ եւ այլ գիւղաքաղաքներէ պատուիրակութիւններ:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ խուզարկումի գործողութեան մը ընթացքին պահանջուող կասկածելի մը Թրիփոլիի Թեպպանէ շրջանին մէջ ռումբ նետած է բանակի ջոկատին վրայ: Կան վիրաւորներ: Ըստ տեղեկութեանց, բանակը ձերբակալած է կասկածելի մը եւ պաշարած է ուրիշ մը, որ կրակոցներ կ՛արձակէ եւ ռումբեր կը նետէ զինուորներուն ուղղութեամբ:

Նախորդը

Հարիրի. «Պէյրութը Հաշուեյարդարի Կռուախնձոր Չէ, Իսկ Ներքին Հարցերուն Շուրջ Պէտք Է Հըզպալլայի Հետ Համաձայնիլ»

Յաջորդը

«Տինքի Սպանութեան Մասին Տեղեկութիւն Տրուած Էր, Բայց Որեւէ Քայլ Չէր Առնուած Զայն Կանխելու» Կ՛ըսէ Գաղտնի Գործակալը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?