ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, երբ թռիչքներ կատարեց Արքուպի եւ Հասպայայի, ինչպէս նաեւ արեւելեան եւ արեւմտեան Պեքաայի վերեւ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, պատասխանելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի յայտարարութեան, ընդգծեց, որ երկրին դատական իշխանութիւնները անկախ են, եւ անոնց պէտք է դիմել փաստելու համար իրաւունքն ու ամբաստանութիւնը: Ժրայսաթի շեշտեց, որ ընտրական հաշիւներու նպատակով ամօթ է հայրենիքին եւ դատական իշխանութիւններուն դէմ մեղք գործել:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ տնտեսական ծրագիրի վաւերացումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ ճշդել այն մարզերը, որոնք պէտք է բարգաւաճին:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ իրենց համար կարեւոր է, որ Պէյրութի քաղաքապետարանին կողմէ Սելիմ Սլամի փապուղիի նորոգութեան նուազուրդին պարագային մսխումներ չարձանագրուին:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց Լեռնալիբանանի երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն գումարելու ժողով մը, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց շրջանի իրաւունքներուն տէր կանգնիլ եւ զանոնք չանտեսել:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական վարչակարգը համախոհական է` աւելցնելով, որ իր բնական հարստութիւնները օգտագործելու իմաստով Լիբանանի իրաւունքը սակարկութեան առարկայ չէ:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ կայ էջ մը, որ պիտի չփակուի, եթէ լիբանանցիներէն ներում չհայցուի:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ քաղաքական կեանքին մէջ կիներու ներկայութեան գծով իրենց հիմնական գրաւը լիբանանեան ընկերութեան բարգաւաճումն է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս հաստատեց, որ Ամալ շարժումը եւ Դիմադրութիւնը պատրաստ են պատասխանելու իսրայէլեան որեւէ յարձակումի, ներխուժումի կամ պատերազմի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ ընտրական դաշինքները ցարդ յստակ ու վերջնական չեն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ իրենք վստահութիւնը վերստանձնելու արշաւին սկսած են` յանձնառու մնալով համերաշխ Լիբանանը պահպանելու գաղափարին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի հաստատեց, որ Իսրայէլին պէտք է հակայարձակումով մը դիմադրել, որպէսզի կարելի ըլլայ միջազգային ընտանիքին դիմաց կացութիւնը հաւասարակշռել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները փարատած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ դրամական երաշխիք է Լիբանանի համար:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի կոչ ուղղեց վերադառնալու սահմանադրական հաստատութիւններ` լուծելու համար քաղաքական տարակարծութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ լիբանանցի կինը ինքզինք պէտք է պարտադրէ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր հաստատեց, որ Լիբանան իր բանակով, Դիմադրութեամբ եւ ազգային միասնականութեամբ կրնայ երաշխաւորել Լիբանանի հարստութիւններուն անձեռնմխելիութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն հաստատեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքը պիտի վերանորոգէ քաղաքական դասակարգը եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին նոր ուղղուածութիւն պիտի տայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին պիտի փաստեն, թէ Հըզպալլայի դաշինքները անխախտ կը մնան` Դիմադրութեան ուղեգիծին զօրակցող իրենց բոլոր դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Լիբանան հիմնականին մէջ նոյն արժէքները կը բաժնեն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը գրեթէ բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողքին: Նոյն օրաթերթը նշած է, թէ Մուսթաքպալ պլոքի այն երեսփոխանները, որոնք նախագահական ընտրութեան ընթացքին մերժեցին քուէարկել ի նպաստ զօր. Միշել Աունին, Մուսթաքպալի ընտրացանկերուն վրայ նկատի պիտի չառնուին:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Հըզպալլա զէնքի արտադրութեան իրանեան գործարանները կը փոխադրէ տիւրզիական շրջաններ, յատկապէս Շուֆ եւ Լեռնալիբանան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի այս շաբաթ կրնայ կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրել:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական աղբիւրներ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպին խորհուրդ տուած են իր թեկնածութիւնը Զահլէէն փոխադրել Պաալպեք-Հերմելի ընտրաշրջան: