Լիբանանեան բանակը նախանցեալ գիշեր շրջափակեց Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ շրջանի Համաուի թաղամասը, ուր կատարեց ներխուժում մը` ձերբակալելու համար պահանջուած ահաբեկիչ մը:
Մինչ բանակը այս գործողութիւնը կը կատարէր, այլ ահաբեկիչ մը կրակ բացաւ եւ ձեռնառումբեր նետեց բանակայիններուն վրայ:
Այս պատճառով բանակը ամրացուց իր դիրքերը եւ հակադարձեց կրակոցին, որուն պատճառով սպաննուեցաւ ահաբեկիչ Հաժեր Ապտալլան, որ ծանօթ է Հաժեր Տանտաշի անունով. ան Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողքին տարիներով կռուած ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկիչներէն է:
Բանակը կատարեալ զգուշութեամբ կատարեց գործողութիւնը` նկատի ունենալով, որ ահաբեկիչները իրենց մօտ ունէին ականուած գօտիներ:
Գործողութեան ընթացքին բանակը կրցաւ ձերբակալել Հաժեր Տանտաշիի եղբայրը` Պիլալ, ինչ որ ընդվզեցուց զայն եւ մղեց, որ 11 ձեռնառումբ նետէ բանակին վրայ եւ գնդակոծէ բանակայինները` պատճառելով նահատակ մը` Խալետ Մահմուտ Խալիլ եւ վիրաւորելով եօթը ուրիշներ:
Աւելի ուշ Հաժեր Տանտաշի սպաննուեցաւ, երբ բանակը կրակոցով հակադարձեց:
Բանակը գրաւեց մեծ քանակով զէնք ու զինամթերք, ականներ, ձեռնառումբեր եւ գումար:
Դատական իշխանութիւնները արդէն իսկ սկսած են հարցաքննել Պիլալ Տանտաշին:



