Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ի՛նչ Որ Ալ Պատահի, Պէտք Է Պահպանել Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը` Դիմագրաւելու Համար Մարտահրաւէրները» Շեշտեց Պըրրի

February 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախանցեալ օրուան հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը դրական նշոյլ մը եղած է, «իսկ ինչ կը վերաբերի անձնական հարցին, ապա Պըրրի ինք կ՛որոշէ այդ մասին», ըսաւ ան:

Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ Պըրրիի հետ իրենց յարաբերութիւնները ոչ մէկէն գաղտնի կարելի է պահել: «Այս յարաբերութիւնը չի նշանակեր, որ Ժոմպլաթ այս կամ այն անձնաւորութեան հետ տարակարծիք էր, այլ այն, թէ հարցին լուծման առումով Ժոմպլաթ իր գրաւը դրած էր հանրապետութեան նախագահին վրայ», աւելցուց ան:

Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ քաղաքական հարցերը կը լուծուին սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ:

Պըրրի ընդունեց նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ընկերային, տեղեկատուական եւ կնոջական խորհուրդներու մէջ ծառայող կնոջական ընդարձակ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Ռանտա Պըրրիի:

Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը ըսաւ. «Ի՛նչ որ ալ պատահի, պէտք է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը` դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրները»:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլ` ընկերակցութեամբ նախարարութեան պաշտօնեաներու մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հաժ Հասան շեշտեց, որ առեւտրական հաշուեկշիռի նիւթական բացը հասած է 16 միլիառ տոլարի, վերջին հինգ տարիներուն արտածումները 4,5 միլիառ տոլարէն 2,5 միլիառ տոլարի նուազած են, երիտասարդներուն անգործութեան համեմատութիւնը հասած է 35 առ հարիւրի, իսկ երկրին անգործութեան ընդհանուր համեմատութիւնը` 25 առ հարիւրի:

«Ժամանակն է, որ լիբանանեան պետութիւնը գործէ իբրեւ տնտեսական պետութիւն, պաշտպանէ սպառողը եւ աւելցնէ արտածումի համեմատութիւնը», ընդգծեց Հաժ Հասան:

Նախորդը

Հատաթի Մէջ. Ամալ Շարժումը, Հըզպալլան Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կ՛Ընդգծեն Ազգային Միասնականութիւնը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

«Երկրին Կացութիւնը Վերադարձած Է Իր Բնականոն Իրավիճակին, Իսկ Հարցերը Լուծելու Կեդրոնները Պետական Հաստատութիւններն Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Թղթածրարին Արմատական Լուծում  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Արմատական Լուծում Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

October 6, 2026
Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի  Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»
Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.