Սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ յաջորդ փուլը պիտի ըլլայ մէկշաբաթեայ կամ բաց դասադուլը, եթէ ուսուցիչներուն պահանջները չգործադրուին:
Ապպուտ հաստատեց, որ այն դպրոցները, որոնք ուսուցիչներուն յաւելումները սկսած են շնորհել, դասադուլին մէջ չեն ներառուած:
Ապպուտ յայտնեց, որ սենտիքան կը մերժէ աշխատավարձի յաւելումին վերաբերող թիւ 46 օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու սկզբունքը կամ նոր օրէնքի վաւերացումը:
Ապպուտ շեշտեց, որ սենտիքային յայտարարած եռօրեայ դասադուլը սկսաւ այսօր` սենտիքայի կեդրոնատեղիին եւ տարբեր նահանգներուն մէջ սենտիքային ունեցած տարբեր գրասենեակներուն մէջ, աւելցնելով, որ դասադուլը պիտի շարունակուի այսօր եւ վաղը` տարբեր վայրերու մէջ:
Ապպուտ շեշտեց, որ սենտիքան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դատական հայց ներկայացնելու այն դպրոցներուն դէմ, որոնք կը զլանան ուսուցիչներուն իրաւունքները յարգել, այլ խօսքով` անոնց աշխատավարձի յաւելումները տրամադրել:



