Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Խստիւ Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Դէմ Ամերիկեան, Բրիտանական Եւ Ֆրանսական Ռմբակոծումը

April 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնապէս դատապարտեց  Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ Սուրիան հրթիռակոծումի թիրախ դարձնելու արարքը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ Սուրիան ռմբակոծելը ոչ մէկ ներդրում կրնայ ունենալ այդ երկրի տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու իմաստով:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Սուրիոյ ռմբակոծումը` զայն նկատելով արաբական եղբայր երկրի մը գերիշխանութեան դէմ գործուած բացայայտ ոտնձգութիւն, որ իր կարգին ոտնձգութիւն մըն է նաեւ միջազգային ուխտին դէմ:

Մուսթաքպալ հոսանքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յոյս յայտնուեցաւ, որ վերջին իրադարձութիւնները Սուրիոյ պատերազմին մէջ ըլլան անկիւնադարձային եւ միջազգային ընտանիքը զարթնի ու նախաձեռնէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումի մը:

Հըզպալլա խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ գործուած եռակողմանի հրթիռակոծումը` հաստատելով, որ Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներուն մղած պատերազմը իր նպատակները պիտի չկարենայ իրականացնել:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ գործուած այս բացայայտ յարձակումը դարձեալ կը փաստէ Սուրիոյ յաղթանակը` բոլոր դաւադրութիւններուն դէմ:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, նախարար Թալալ Արսլան հաստատեց, որ Սուրիոյ դէմ եռակողմանի յարձակումը փաստ մըն է Դամասկոսի զօրութեան:

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ գործուած միջազգային բռնարարքները համազօր են ահաբեկչութեան զօրակցութեան եւ անոնց գործունէութիւնը երկարատեւ դարձնելու:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ հզօր Սուրիան` իր ժողովուրդով, բանակով եւ դաշնակիցներով, շատ աւելի զօրաւոր դուրս պիտի գայ իր դէմ նիւթուած բոլոր դաւադրութիւններէն եւ զրպարտութիւններէն:

 

Նախորդը

Ֆատի Ժեմայէլ Վերընտրուեցաւ Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Ընկերակցութեան Նախագահ

Յաջորդը

«Սուրիա Այդ Ռմբակոծումէն Շատ Աւելի Հզօր Դուրս Եկած Է, Իսկ Զինեալ Խմբաւորումները` Աւելի Եւս Յուսալքուած» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.