Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Եւ Մաշնուք Անդրադարձան Լիբանանէն Դուրս Տեղի Ունենալիք Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Հոլովոյթին

April 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձան Լիբանանէն դուրս տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններու հոլովոյթին:

Պասիլ յայտնեց, որ ընտրական ներկայ օրէնքը արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան իրաւունքը ապահոված է` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկութեան հոլովոյթին պատասխանատուն ներքին գործոց նախարարութիւնն է, «սակայն ըստ ընտրական օրէնքին արտաքին գործոց նախարարութիւնը ենթակայ է ներքին գործոց նախարարութեան, որ իր կարգին արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնեց արտերկրի լիբանանցիներուն մօտ ընտրութիւնները կազմակերպելու պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը առիթ տուաւ լիբանանցիներուն ընտրութիւններուն մասնակցութեան նպատակով ելեկտրոնային արձանագրութիւն կատարելու, «ապա փորձեցինք արձանագրութիւններուն ժամկէտը երկարել, սակայն այդ պահանջը մերժուեցաւ: Արտերկրի մէջ արձանագրուող լիբանանցիներուն կապուած մանրամասնութիւնները յստակ են եւ ներքին ու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն պաշտօնական կայքերէն կարելի է այդ մասին իմանալ», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ տարբեր երկիրներու մէջ ընտրութիւնները կազմակերպելու իմաստով իրենց դիմաց ծառացած բոլոր հարցերը լուծուած են:

Ան ըսաւ, թէ ներքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ շաբաթ արդէն իսկ իրենց յանձնած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր կարիքները: Ան յայտնեց, որ 2018-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները 27 ապրիլին տեղի պիտի ունենան 6 արաբական երկիրներու մէջ, իսկ 29 ապրիլին` 34 այլ երկիրներու մէջ:

Պասիլ կոչ ուղղեց միջազգային որեւէ կազմակերպութեան, որ կը փափաքի հսկել արտերկրի մէջ կատարուող երեսփոխանական ընտրութիւններուն, դէտեր ուղարկելու` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւններուն ընթացքը ուղղակիօրէն պիտի սփռուի նախարարութեան մէջ, ուրկէ լրատուամիջոցներուն արտօնուած է հետեւիլ:

Ան հաստատեց, որ այս նուաճումը ամբողջ Լիբանանի համար է` աւելցնելով, որ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը պիտի նպաստէ Լիբանանին եւ անոնց միջեւ կապը ամրապնդելու:

Պասիլ ընդգծեց, որ ոչ ոք կրնայ ազդեցութիւն ունենալ արտերկրի լիբանանցիներուն վրայ` կոչ ուղղելով չխանգարելու արտերկրի մէջ տիրող մթնոլորտը եւ առիթ տալու, որ արտերկրի լիբանանցիները մեծ թիւով մասնակցին այդ ընտրութիւններուն:

Պասիլ նշեց, որ ընտրական օրէնքին համաձայն, նախարարներուն արտօնուած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել, ինչպէս նաեւ իբրեւ նախարար իրենց աշխատանքը շարունակել ընտրական քարոզարշաւի ժամանակաշրջանին: «Հետեւաբար կը մերժեմ իմ հասցէիս կատարուած բոլոր ամբաստանութիւնները, թէ ես նախարարի իմ պաշտօնս կը շահագործեմ ի նպաստ երեսփոխանական ընտրութիւններուն», եզրափակեց Պասիլ:

Իր կարգին, Մաշնուք շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքին մէջ ներառուած բարեկարգումի հիմնական կէտը, որուն շուրջ տարակարծութիւն չկայ` արտերկրի լիբանանցիներուն ընտրութեան մասնակցելու իրաւունքն է:

Մաշնուք հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ իրենց քուէարկութեամբ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու առումով ոչ մէկ բացթողում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ կան փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն արտերկրի մէջ կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարկեշտութիւնը:

«Արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունքին ջանքերը կը պարտինք նախարար Պասիլին եւ կ՛ողջունենք այդ իմաստով Պասիլի անձնակազմին իրականացուցած աշխատանքները», ըսաւ Մաշնուք:

Ան նշեց, թէ արտերկրի լիբանանցիներուն թիւը մեծ է` աւելցնելով, որ լիբանանցիները ամէնուրեք կան:

Մաշնուք դիտել տուաւ նաեւ, որ արտերկրի լիբանանցի եզրը խիստ է, որովհետեւ ան կը յուշէ, թէ լիբանանցիներուն միջեւ մտերմութիւն գոյութիւն չունի, մինչդեռ իրականութիւնը հակառակն է` արտերկրի լիբանանցիները փաստած են Լիբանանի հետ իրենց յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Կ՛ողջունէ Վաճառանիշներու Պէյրութի Խորհրդաժողովին Կազմակերպումը

Յաջորդը

«Լիբանանի Մէջ Հաւասարութեան Սկզբունքը Անկարելի Է Գործադրել, Այնքան Ատեն Որ Երկրին Վարչակարգը Համայնքային Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.