Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Կ՛ողջունէ Վաճառանիշներու Պէյրութի Խորհրդաժողովին Կազմակերպումը

Ապրիլ 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն ներկայացուցիչն էր տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, երէկ կէսօրէ առաջ Պիելի «Փաւիյոն Ռուայալ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վաճառանիշներու Պէյրութի խորհրդաժողովը, որուն ներկայ գտնուեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, մեծ թիւով ներկայ եւ նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, տնտեսական եւ վաճառանիշներու յատուկ միութեանց եւ ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ներդրողներ եւ դիւանագէտներ:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան ողջունեց խորհրդաժողովը կազմակերպող Վաճառանիշներու լիբանանեան միութիւնը` անոր բծախնդիր աշխատանքին համար:

Ան բարձր գնահատեց նաեւ տնտեսական մարզը ներկայացնող կառոյցներն ու հաստատութիւնները, որոնք Լիբանանը լաւագոյնս կը ներկայացնեն` ամբողջ աշխարհին մէջ Լիբանանի բացառիկ շուկայադրում կատարելով: Ան աւելցուց, որ աշխարհի վրայ հոն, ուր որ լիբանանցի կայ, ան Լիբանանի անունը բարձր պահած կ՛ըլլայ:

Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան, որպէսզի կարենայ զբօսաշրջիկներն ու արտերկրի լիբանանցիները հմայել եւ տնտեսական ու զբօսաշրջական անիւը թաւալել:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ կը գործէ եւ յաջողած է այս իմաստով նուաճումներ արձանագրել:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ այս իրողութիւնը կը պարտինք նաեւ հանրապետութեան հզօր նախագահին, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան եւ վարչապետին եռանդին:

«Նախորդ շրջանին կառավարութիւնը աշխատեցաւ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատել` յաջողցնելով «Սետր»-ի խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ ենթակառուցային ներդրումի եւ ընդհանուր առմամբ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով գոյացաւ 12 միլիառ տոլար: Անշուշտ արժեւորուեցաւ Լիբանանի սեփական մարզին դերակատարութիւնը` պետական մարզին կողքին, որովհետեւ կան ներդրումային շարք մը ծրագիրներ, որոնք պիտի ներառեն նաեւ այդ մարզը: Պատկերը մութ չէ: Իբրեւ պատասխանատուներ մենք պէտք է Լիբանանը լաւ պատկերով շուկայադրենք եւ երկրին դրական կողմերը դրսեւորենք: Ճիշդ է, որ Լիբանան ժխտական բազմաթիւ հարցեր կը դիմագրաւէ` կուտակուած խնդիրներուն եւ տիրող շրջանային պայմաններուն պատճառով, սակայն ճիշդ է նաեւ, որ այլ երկիրներ ալ իրենց կարգին հարցեր կը դիմագրաւեն, բայց անոնց պատասխանատուները իրենց երկիրները ժխտական պատկերով չեն ներկայացներ: Լիբանան պիտի ուղղուի դէպի զարգացում եւ բարգաւաճում` բոլորին ճիգերուն եւ միջազգային վստահութեան շնորհիւ: Նկարագիրով լաւատես անձ մը ըլլալով կը հաւատամ, որ կը գտնուինք երկրին քաղաքական կեանքը նորոգելու սեմին, այլ խօսքով` 6 մայիսին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն սեմին», ըսաւ նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ ընտրութիւնը ժողովրդավարական հոլովոյթ մըն է, որ առիթ պիտի տայ լիբանանցիներուն իրենց տեսակէտը հասցնելու խորհրդարան:

Ա. Կիտանեան յոյս յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները Լիբանանին եւ լիբանանցիին համար աւելի լաւ իրավիճակ մը ապահովեն:

Նախարար Կիտանեան մաղթեց, որ Լիբանանի յաջող եւ նախաձեռնող սեփական մարզը Լիբանանի անունը բարձր պահէ:

 

Նախորդը

Հարիրի «Սետր»-ի Արդիւնքները Քննարկեց Շորթըրի Հետ

Յաջորդը

Պասիլ Եւ Մաշնուք Անդրադարձան Լիբանանէն Դուրս Տեղի Ունենալիք Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Հոլովոյթին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?