Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Մէջ Հաւասարութեան Սկզբունքը Անկարելի Է Գործադրել, Այնքան Ատեն Որ Երկրին Վարչակարգը Համայնքային Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Ապրիլ 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Ժիպէյլի մէջ բացումը կատարեց Ժողովրդավարութեան մէջ հաւասարութիւններուն նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ մէկուն գոյութիւնը կ՛ենթադրէ միւսին գոյութիւնը:

Ան յայտնեց, որ եթէ պահ մը հարց տանք ժողովրդավարութեան մասին, ապա պիտի կարծենք, թէ դիւրին պատասխան մը ունինք, կամ կը մտածենք, որ եթէ վարչակարգ մը ժողովրդավարական է, ուրեմն հոն խաղաղութիւն կը տիրէ եւ այդ երկիրը տագնապներ չի դիմագրաւեր:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ժողովրդավարութիւնը կը նշանակէ նաեւ հաւասարութիւն բոլորին միջեւ` առանց խտրութեան:

«Սակայն Լիբանանի մէջ հաւասարութեան սկզբունքը անկարելի է գործադրել, այնքան ատեն որ երկրին վարչակարգը համայնքային է», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Ան յայտնեց, որ ինք կը փափաքի լուսարձակի տակ առնել Լիբանանի մէջ ժողովրդավարական կարգերուն իւրայատկութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ ժողովրդավարութիւնը հիմնուած է քաղաքական համախոհութեան վրայ:

Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ հաշուետուութեան կանչելու մշակոյթը ամրապնդելու եւ համայնքային խտրականութեան հետզհետէ վերջ տալու պարագային է, որ կարելի կ՛ըլլայ լիբանանցիներուն փափաքները իրականացնել, ինչպէս նաեւ համակեցութեան եւ խաղաղութեան Լիբանանի պատգամը լիովին իրագործել` զայն դարձնելով ամբողջ աշխարհին պատգամը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Նիւ Եորքի եպիսկոպոսապետ գերապայծառ Թիմոթի Տոլանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները ապահով իրենց երկիրը վերադարձնելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ատիկա մեծապէս պիտի նպաստէ Լիբանանի մէջ ընկերային կայունութեան հաստատումին` աւելցնելով, որ Լիբանան կը վստահի տարբեր երկիրներու օժանդակութեան, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու նեցուկին` իրականացնելու համար այդ կարեւոր քայլը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ միջազգային հաստատութիւնները փաստած են սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի կամքը` նշելով, որ ոմանք կը վերադառնան Սուրիոյ այն շրջանները, ուր բախումները կանգ առած են, եւ ապահովական կայունութիւն կը տիրէ:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է աշխատիլ արաբ քրիստոնեաները շրջան վերադարձնելու նպատակով եւ օժանդակել անոնց` վերջ տալու իրենց երկիրներուն վկայած տառապանքներուն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ հրէական պետութեան մը վերածուելու իր փափաքը արտայայտելէ ետք Իսրայէլ բոլոր կրօններուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ` հրաժարելու իրենց սրբավայրերէն:

Այս ճնշումները կրնան բազմապատկուիլ` ամերիկեան դեսպանատան Երուսաղէմ փոխադրուելուն պարագային:

Իր կարգին, Տոլան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` բարձր գնահատելով Լիբանանի ցուցաբերած հիւրընկալութիւնը սուրիացի տեղահանուածներուն: Ան շեշտեց, որ Լիբանան միշտ կառչած կը մնայ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին կատարած հաստատումին, որ Լիբանան պատգամի երկիր է:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան բոլոր կրօններուն միջեւ համերաշխութեան եւ համակեցութեան լաւագոյն օրինակն է` աւելցնելով, որ իրենք Միացեալ Նահանգներ պիտի վերադառնան իրենց հետ տանելով յոյսով եւ կամքով լեցուն այս ժողովուրդին պատգամը:

Նախորդը

Պասիլ Եւ Մաշնուք Անդրադարձան Լիբանանէն Դուրս Տեղի Ունենալիք Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Հոլովոյթին

Յաջորդը

Նշանակումներ Եւ Վերանշանակումներ` Հայաստանի Կառավարութեան Մէջ. Կարէն Կարապետեանը Նշանակուեցաւ Առաջին Փոխվարչապետ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?