Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդի Պատասխանատուներու Հանդիպումը Եւրոպական Միութեան Եւ Եւրոպական Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

April 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդը ուրբաթ, 14 ապրիլ 2018-ին, իր կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը եւ 10 եւրոպական երկիրներու դեսպաններ:

Հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահն ու խորհուրդի յանձնախումբերուն նախագահները, առիթ մը եղաւ ծանօթացման եւ աշխատանքներու քննարկումին:

Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ ողջունեց ներկաները, ներկայացուց խորհուրդին աշխատանքները` ընդգծելով երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերը բարգաւաճեցնելու կարեւորութիւնը:

Ապա Լասըն ողջունեց Տնտեսական-ընկերային խորհուրդը, որ Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային կողմերը համախմբող ամպիոնն է: Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի նուիրուած միջազգային երեք խորհրդաժողովները, որոնց հիմնական նպատակն է բարելաւել երկրին ենթակառոյցները:

Լասընէն ետք Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի յանձնախումբերուն նախագահները ամփոփ անդրադարձ մը կատարեցին իւրաքանչիւրը իր յանձնախումբին աշխատանքային ծրագրաւորումին մասին:

Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան իր կարգին ներկայացուց իր նախագահած յանձնախումբին աշխատանքային ընդհանուր գիծերը:

Իր խօսքին մէջ, դոկտ. Պայրագտարեան ըսաւ, թէ ինք համոզուած է, որ գիտութիւնը, արհեստագիտութիւնը, նորարարութիւնն ու չափանիշներու նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքը պետութիւններու յառաջընթացը ապահովող կարեւոր ազդակներ են:

Անդրադառնալով նախատեսուած գործունէութեան` դոկտ. Պայրագտարեան ըսաւ, թէ առաջադրուած աշխատանքային ուղեգիծին որդեգրումով, Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդը պէտք է օրինաչափական դերակատարութիւն ունենայ` խորհուրդին տեսակէտը փոխանցելով կառավարութեան:

Ան եզրափակեց ըսելով, որ այս բնագաւառին մէջ Եւրոպական Միութեան ծրագիրները ներշնչումի աղբիւր կը հանդիսանան Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբին համար:

Ապա հանդիպումին ներկայ եւրոպական երկիրներու դեսպանները ներկայացուցին իրենց կեցուածքները եւ տեղի ունեցաւ քննարկում-զրոյց:

 

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Հրթիռակոծումը Պատճառ Դարձաւ Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններուն Մէջ Ճեղքի Յառաջացման» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Խորհրդարանը Լիագումար Նիստի Պիտի Հրաւիրեմ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.