Լիբանանեան

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ առաջ շարք մը յարձակումներ գործեց Հերմելի բացատներուն մէջ Զղրինի եւ Պրիսայի բացատին դէմ: Իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի մէջ եւս յարձակումներ գործեց` թիրախաւորելով Իքլիմ Թուֆահի մէջ Ժպահ եւ Պասլիա գիւղերուն միջեւ գտնուող շրջանը: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց. «Բանակը քիչ առաջ Լիբանանի շարք մը շրջաններու մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցներու վրայ օդային յարձակում գործեց»: «Հարաւային Լիբանանի մէջ հարուածներու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն լիովին համաձայն է զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլին անցնելու մասին վարչապետ Սալամի յայտարարութեան, եւ ոչ միայն ամբողջովին տեղեակ է պատրաստուող ամէն ինչէն, այլ կը գտնուի այս քայլի կեդրոնը: «Ան շուրջ երկու շաբաթ առաջ իր խորհրդական Անտրէ Ռահհալը ուղարկեց Փարիզ` հանդիպելու Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ` համակարգում կատարելու քանի մը հարցերու շուրջ, որոնց...

Բագրատունի. «Նախքան Խորհրդարանական  Ընտրութիւններու Թուականի Ճշդումը  Եւ Հրաւէր Ուղղուիլը, ՀՅԴ-ի Համար Ընտրական  Համաձայնութիւն Եւ Վերջնական Որոշում Գոյութիւն Չունի»

Բագրատունի. «Նախքան Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Թուականի Ճշդումը Եւ Հրաւէր Ուղղուիլը, ՀՅԴ-ի Համար Ընտրական Համաձայնութիւն Եւ Վերջնական Որոշում Գոյութիւն Չունի»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Ալ Ռաշիտ Նիուզ» կայքի «Ֆաուք Թաուիլա» յայտագիրէն Էլիաս Մըրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով շրջանին մէջ թրքական ազդեցութեան տարածման յայտնեց. «Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կը զգուշացնենք շրջանին մէջ թրքական դերակատարութենէն: Անձնաւորութիւններ եւ քաղաքական կարգ մը կողմեր մեր կեցուածքը կը վերագրէին մեր հայ ըլլալուն: Այսօր, սակայն, կը տեսնենք...

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները

Լիբանանեան Բանակը Կը Պատասխանէ Ատրահիի Պնդումին

Լիբանանեան Բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Թշնամական կայքերէն մէկը կարգ մը բանակայիններուն պատկանելիութեան եւ հաւատարմութեան շուրջ սխալ ու ապակողմնորոշող տեղեկութիւններ հրապարակեց»: Բանակը կտրուկ կերպով հերքեց նշեալ տեղեկութիւնը` աւելցնելով, որ անոնց նպատակը բանակի հաւատամքն ու անոր անդամներուն աշխատանքը կասկածի տակ առնելն է, երբ անոնց ազգային հաստատութեան պատկանելիութիւնը հաստատ եւ արմատացած է: Լիբանանեան բանակը նաեւ կոչ ուղղեց անտեսելու այն լուրերը, որոնց նպատակը...

Պայրագտարեանի Հովանաւորութեամբ  Սուրբ Ծնունդի Պասքեթպոլի  Ցուցադրական Մրցում

Պայրագտարեանի Հովանաւորութեամբ Սուրբ Ծնունդի Պասքեթպոլի Ցուցադրական Մրցում

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հովանաւորեց «Ծառայութեան համար քրիստոնեայ երիտասարդութիւնը» միութեան կազմակերպած «Պասքեթպոլ տը սթար» խորագիրով  Ս. Ծննդեան տարեկան նշումը` խոցելի կացութեան մէջ գտնուող երեխաներու հոգեկան առողջութեան ամրապնդման ծրագիրի աջակցութեան համար: Պաուշրիէի «Միշել Մըր» մարզական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի ցուցադրական մրցում մը, որուն մասնակցեցաւ մարմնակրթութեան, արուեստի, մարդասիրական, ընկերային եւ քաղաքական ոլորտի մէջ գործող երեւելիներու ընտրանի մը: Միութեան...

Ուահապ. «Շարհի Կողմէ Լիբանանի Տարածքին  Ահաբեկման Ու Առեւանգումի Խումբերու Ճամբով  Ոտնահարումը Պիտի Չընդունինք»

Ուահապ. «Շարհի Կողմէ Լիբանանի Տարածքին Ահաբեկման Ու Առեւանգումի Խումբերու Ճամբով Ոտնահարումը Պիտի Չընդունինք»

Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց. «Գիշերը Ատմայի մէջ Ղասսան Թարմահի ահաբեկումը վտանգաւոր ցուցանիշ է»: «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը լիբանանեան անվտանգութիւնը ոտնահարելո՞ւ սկսաւ: Ապահովական մարմիններու պատասխանին եւ քայլերուն կը սպասենք», նշեց ան: Ուահապ նաեւ շեշտեց. «Շարհի կողմէ Լիբանանի տարածքի ահաբեկման եւ առեւանգումի խումբերու ճամբով ոտնահարումը պիտի չընդունինք: Դէպքերը կրկնուեցան, եւ պետութիւնը լուռ է»:  

Ֆատլալլա Եւ Հաշեմ Քաթար Այցելեցին

Ֆատլալլա Եւ Հաշեմ Քաթար Այցելեցին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայէն յայտարարեց. «Շրջանը Նեթանիահուի կառավարութեան կողմէ մագլցում արձանագրող սպառնալիքներու լոյսին տակ մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եւ ասիկա շրջանի պետութիւններէն ու ժողովուրդներէն բարձր աստիճանի գործակցութիւն ու համակարգում կը պահանջէ, որովհետեւ վտանգը բոլորին կը սպառնայ»: Ֆատլալլա այս մասին յայտնեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքէն երեսփոխան Քասեմ Հաշեմի հետ իբրեւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ...

Քպէյսի. «Լիբանանի Մէջ Խնդիրը Ներքին  Պառակտումն Ու Քաղաքական Տարաթարծոթիւնն Է»

Քպէյսի. «Լիբանանի Մէջ Խնդիրը Ներքին Պառակտումն Ու Քաղաքական Տարաթարծոթիւնն Է»

Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց. «Լիբանանի մէջ քաղաքական իրողութեան փոփոխութեան ձգտող կայ` պնդելով, թէ հիմնական խնդիրը Դիմադրութիւնն ու անոր զէնքն է, եւ ոչ թէ Իսրայէլը, անոր անբարտաւանութիւնն ու շարունակուող յարձակումները»: «Լիբանանի դիմագրաւած իսկական խնդիրը ներքին պառակտումն ու քաղաքական տարակարծութիւնն է», նշեց ան: «Ոչ բոլոր լիբանանցիները համաձայն են Դիմադրութեան եւ հայրենիքը պաշտպանելու ընտրանքին, մինչ ոմանք դժբախտաբար կ՛աշխատին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կրնայ հրապարակուիլ իշխանութեան երեք պետերուն` Ժոզեֆ Աունի, Նեպիհ Պըրրիի եւ Նաուաֆ Սալամի կողմէ միացեալ դիրքորոշում մը, որուն մէջ անոնք կը հաստատեն լիբանանեան սկզբունքները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի իսրայէլեան յարձակումին, հեռացման եւ գերիներու վերադարձին»: . ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ իսրայէլեան մեծ մագլցում տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ իսրայէլացին թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան յայտարարութենէն ի...

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Կը Շարունակէ  Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի Քննարկումը

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Կը Շարունակէ Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի Քննարկումը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Նիստէն առաջ տեղի ունեցաւ Աունի եւ Սալամի միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան երկիրին ընդհանուր կացութեան վերաբերող հարցեր եւ քննարկուեցան ամէնէն նշանակալից զարգացումները: Նախարարաց խորհուրդի նիստի օրակարգը կը բաղկանար երեք հիմնական կէտերէ` ելեւմտական բացի օրինագիծը, Լիբանանի մէջ...

Ընդունելով Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը`  Աուն. «Կ՛ողջունենք Իտալիոյ Եւ Եւրոպական  Այլ Պետութիւններու ՖԻՆԻՒԼ-ը Փոխարինող  Որեւէ Ուժի Մասնակցութիւնը»

Ընդունելով Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը` Աուն. «Կ՛ողջունենք Իտալիոյ Եւ Եւրոպական Այլ Պետութիւններու ՖԻՆԻՒԼ-ը Փոխարինող Որեւէ Ուժի Մասնակցութիւնը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Կուիտօ Քրոսեթթոն, եւ անոր փոխանցեց, թէ Լիբանան կ՛ողջունէ Իտալիոյ եւ եւրոպական պետութիւններու` 2027-ին հեռացումը ամբողջացնելէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ը փոխարինող որեւէ ուժի մասնակցութիւնը` լիբանանեան բանակին իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն ետք օգնելու համար հարաւային սահմաններու վրայ անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման մէջ: Նախագահը ըսաւ, որ Լիբանանի որդեգրած բանակցելու...

Զգուշացնելով Նեթանիահուն`  Կրահամ. «Համասն Ու Հըզպալլան  Կը Վերազինուին»

Զգուշացնելով Նեթանիահուն` Կրահամ. «Համասն Ու Հըզպալլան Կը Վերազինուին»

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական անդամ Լինտսի Կրահամ կիրակի օր Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղեց` Համասի եւ Հըզպալլայի դէմ պատերազմը շարունակելու, եթէ անոնք իրենց զէնքերէն չհրաժարին: Ան նշեց, որ Համասը Կազայի մէջ իր իշխանութիւնը կ՛ամրապնդէ: Ազդեցիկ ծերակուտականը ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին պիտի յանձնարարէ «Իրանը հարուածել, եթէ վերստին իւրանիոմ հարստացնելու ապացոյցներ ապահովուին»: Կրահամ կոչ ուղղեց` Համասի զինաթափման համար ժամանակացոյց...

Ելեւմտական Բացի Մասին Օրինագիծը  Բուռն Ընդդիմութեան Կ՛արժանանայ

Ելեւմտական Բացի Մասին Օրինագիծը Բուռն Ընդդիմութեան Կ՛արժանանայ

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ռազի Հաժ «Նաշրա»-ին յայտնեց, թէ «ելեւմտական կայունութիւն եւ պահ դրուած գումարներու վերստանձնում» խորագիրը կրող օրինագիծը, որ շատոնցուընէ կը սպասուէր, հասարակական կարծիքին համար ցնցիչ է, որովհետեւ սպասումները չի բաւարարեր: Հաժ նշեց, որ նախագիծը կը թերանայ արձանագրուած վնասներուն յստակ պատասխանատուութիւն ճշդելու մէջ, այդ հարցին մէջ «ընդհանուր բացթողումներու, կուտակուած քաղաքականութիւններու եւ տնտեսական արտակարգ պայմաններու» մասին կը խօսի առանց...

Մուսա. «Լիբանանը Կացութեան Որեւէ  Վատթարացումէ Զերծ Պահելու Համար Աշխատանք  Թափելուն Այլընտրանք Չունինք»

Մուսա. «Կ՛աջակցինք Նախագահ Աունին»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի դեսպաններուն ներկայացուցածը հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իսկական կացութիւնը պարզեց: Ան այս մասին յայտնեց «Նաշրա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին «Որեւէ քայլ, որ Լիբանանի աջակցութեան, նոր իշխանութեան երթին եւ բանակի աջակցութեան կը ծառայէ, կ՛ողջունենք եւ անոր կը զօրակցինք», ըսաւ ան: «Եթէ պահանջուած նպատակներէն մէկը զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելն...

Քպէյսի. «Իսրայէլին Անձնատուր  Պիտի Չըլլանք Եւ Մեր Զէնքը Պիտի Չյանձնենք»

Քպէյսի. «Իսրայէլին Անձնատուր Պիտի Չըլլանք Եւ Մեր Զէնքը Պիտի Չյանձնենք»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը Լիբանանի ուժն ու միասնականութիւնը, մարտահրաւէրներուն դէմ պաշտպանութեան առաջին գիծն է»: «Լիբանան արագացող զարգացումներուն եւ անոր դէմ հաստատուած պաշարումին լոյսին տակ նուրբ կացութենէ կ՛անցնի, սակայն Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ կը մնայ միակ հայրենիքը, որ կանգուն է», ըսաւ երեսփոխանը: «Ո՛չ, Իսրայէլին անձնատուր պիտի չըլլանք եւ մեր զէնքը պիտի չյանձնենք», յայտարարեց Քպէյսի: «Լիբանանի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Ամսուան վերջաւորութեան կ՛աւարտի ամերիկացիներուն Լիբանանին Հըզպալլայի զինաթափման համար ճշդած պայմանաժամը, եւ եթէ լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնը կատարելու ձախողի, պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը պիտի բարձրանայ»: . ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանը լիբանանեան իշխանութիւններուն որդեգրած եւ միջազգային գովքի արժանացած քայլերուն լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներէն իսրայէլեան լայնածաւալ պատերազմի սպառնալիքներուն նկատմամբ խիստ կեցուածք մը կը սպասէ»: . «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը...

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, ընկերակցութեամբ Քաթարի մէջ Մարմնակրթական անվտանգութեան միջազգային կեդրոնի նախագահ Մահմուտ Հանզապի, այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Պայրագտարեան նախագահին ներկայացուց ծրագիր մը` 2026-ի գարնան Լիբանանի հիւրընկալութեամբ «Մարմնակրթութիւնը, բարգաւաճումն ու խաղաղութիւնը» խորագիրով եւ շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու, միջազգային քաղաքական ու մարզական պատասխանատուներու ներկայութեամբ միջազգային խորհրդաժողովի կազմակերպման: Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ...

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»

Սալամ. «Բանակին Կատարածը Յանգեցուց Լիթանիէն Հարաւ Շրջանին Մէջ Պետութեան Իշխանութեան Ամբողջական Տարածման, Բացի Բռնագրաւուած Հինգ Կէտերէն»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ կը սպասուի, որ յառաջիկայ տարուան սկիզբը նախատեսուած նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարուի մեկնարկը զէնքի մենաշնորհման լիբանանեան բանակի ծրագիրի իրագործման երկրորդ փուլին որ պիտի ըլլայ հարաւէն Լիթանի գետի ափէն, հիւսիս Աուալի գետի ափ երկարող շրջանին միջեւ, երրորդ փուլը` Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ, չորրորդը` Պեքայի մէջ, իսկ անկէ ետք մնացեալ...

Քոնֆավրէօ. «Փարիզի Ժողովէն Ծնունդ Առաւ Դրական  Ընթացք Մը, Որուն Նպատակը 5 Սեպտեմբերի  Եւ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրը Իրագործելն Է»

Քոնֆավրէօ. «Փարիզի Ժողովէն Ծնունդ Առաւ Դրական Ընթացք Մը, Որուն Նպատակը 5 Սեպտեմբերի Եւ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրը Իրագործելն Է»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փասքալ Քոնֆավրէօ «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կը կարծեմ շատ դրական ընթացք մը ծնունդ առաւ Փարիզի եռակողմ ժողովէն, որուն մասնակցեցան ամերիկացի, սէուտցի եւ ֆրանսացի գործընկերներ` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի, որ անդրադարձաւ լիբանանեան զինեալ ուժերուն վերջին շաբաթներուն ու ամիսներուն ընթացքին արձանագրած յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ բանակի ապագայ կարիքներուն»: «Մեր հաւաքական նպատակը 5 սեպտեմբերի, զէնքի...

Ռուպիօ. «Կը Յուսանք, Որ Լիբանանի Մէջ  Հզօր Կառավարութիւն Ըլլայ, Եւ Հըզպալլան  Դարձեալ Հարաւային Լիբանանի Վրայ  Վերահսկողութիւն Չհաստատէ»

Ռուպիօ. «Կը Յուսանք, Որ Լիբանանի Մէջ Հզօր Կառավարութիւն Ըլլայ, Եւ Հըզպալլան Դարձեալ Հարաւային Լիբանանի Վրայ Վերահսկողութիւն Չհաստատէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յոյս յայտնեց, որ «Լիբանանի մէջ հզօր կառավարութիւն մը ըլլայ, եւ Հըզպալլան դարձեալ հարաւային Լիբանանի վրայ վերահսկողութիւն չհաստատէ»: «Չենք ուզեր, որ Հըզպալլան Իսրայէլը վտանգելու իր կարողութիւններուն վերատիրանայ», ըսաւ ան: «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան իրագործումը յաւելեալ ջանք կը պահանջէ», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:    

Page 64 of 986 1 … 63 64 65 … 986

Արխիւներ