Լիբանանեան

Պասիլ. «Կը Մաղթենք, Որ Ներկայ Փուլը  Ըլլայ Պաղեստինի Ազատագրումին  Առաջնորդող Փուլ Մը»

Պասիլ. «Հըզպալլան Պէտք Է Ընտրէ` Լիբանանեա՞ն, Թէ՞ Իրանեան»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեփոխան Ժըպրան Պասիլ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Լիբանանի մէջ ներքին առումով զիս մտահոգողը Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի նկատմամբ մտավախութենէս աւելին է: Այն, ինչ որ 8 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ, եւ ճամբաներուն վրայ սուրիացիներու տեսարանը չենք կրնար տեսնել առանց վախ զգալու»: «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, իմ հասկացողութեանս համաձայն, կազմակերպուած ապահովական փորձ էր: Եթէ կազմակերպուած չէր,...

Հաժ Հասան. «Անձնատուութիւնը Մեր Բառարանին  Մէջ Տեղ Չունի, Եւ Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը  Ունինք, Եթէ Մեր Վրայ Յարձակում Գործուի»

Հաժ Հասան. «Անձնատուութիւնը Մեր Բառարանին Մէջ Տեղ Չունի, Եւ Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Ունինք, Եթէ Մեր Վրայ Յարձակում Գործուի»

Պաալպեք Հերմել երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Հըզպալլան կ՛ուզէ, որ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի ունենան: Անցնող ամբողջ շրջանին շատեր փորձեցին շիի ազգային երկեակը մեկուսացնել կամ անոր վնասել, սակայն Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ յարաբերութիւնը հզօր ու տոկուն է, եւ հետզհետէ աւելի պիտի հզօրանայ եւ տոկուն դառնայ»: «Սիոնական թշնամին ապահովական, զինուորական եւ քաղաքական ճնշում կը բանեցնէ Դիմադրութիւնն ու անոր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «արաբական կողմեր Հըզպալլային յղած են պատգամ մը` անոր կոչ ուղղելով, որ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին եւ երկրորդ փուլերուն միջեւ ահաբեկումները շարունակելու իսրայէլեան ուղղուածութեան մասին տեղեկութիւններու լոյսին տակ, անհրաժեշտ է ուշադիր եւ առաւելագոյն չափով զգուշաւոր ըլլալ»: . «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Իսրայէլի վրայ ճնշումներ կը բանեցուին, որպէսզի իր յարձակումները դադրեցնէ»: . «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Իսրայէլ...

Մատպուլի-Սալամ Ընդլայնուած  Լիբանան-Եգիպտոս Բանակցութիւններ

Մատպուլի-Սալամ Ընդլայնուած Լիբանան-Եգիպտոս Բանակցութիւններ

Երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի միջեւ ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները։ Երկկողմանի հանդիպումէն ետք տեղի ունեցան լիբանանեան եւ եգիպտական պատուիրակութիւններուն միջեւ ընդլայնուած բանակցութիւններ, որոնց լիբանանեան կողմէն մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի, ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր, ճարտարարուեստի նախարար Իսա Խուրի, ուժանիւթի եւ ջրային...

Սահմանագծումի Անուղղակի Բանակցութիւններու  Չորրորդ Նիստը Աւարտեցաւ.  Հինգերորդը` 2 Դեկտեմբերին

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Ժողովը Կեդրոնացած Է Զինուորական Գործակցութեան Ամրապնդման Եւ Վերաշինութեան Ջանքերու Յառաջ Մղման Վրայ

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, թէ Լիբանանի վերաբերող զինուորական թեքնիք յանձնախումբի՝ «Մեքանիզմ»-ի անդամները Նաքուրայի մէջ գումարած են 15-րդ ժողովը՝ շարունակելու համար համակարգուած ջանքերը՝ նպաստելու համար կայունութեան եւ թշնամական արարքներու տեւական դադրեցման։ «Ժողովի մասնակիցներուն մօտ միաձայնութիւն գոյութիւն ունէր, թէ լիբանանեան բանակի՝ Լիթանիի հարաւի շրջանի անվտանգութեան երաշխաւորի կարողութիւններու ամրապնդումը յաջողութեան համար հիմնական է», նշեց դեսպանատունը։ Ատոր զուգահեռ, ժողովի քաղաքային մասնակիցները կեդրոնացած...

Այցելելով Նախագահ Աունի՝  Մըթրի. «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ  Բանտարկեալներու Թղթածրարին Շուրջ  Համաձայնութիւն Գոյացնելու Ձգտումի Ծիրին Մէջ  Ժողով Մը Գումարեցինք»

Այցելելով Նախագահ Աունի՝ Մըթրի. «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Բանտարկեալներու Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Ձգտումի Ծիրին Մէջ Ժողով Մը Գումարեցինք»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ։ Մըթրի հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրով, Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ բանտարկեալներու եւ կալանաւորուածներու թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ծիրին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան արդարադատութեան նախարարը ու շարք մը դատաւորներ։ «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շեշտեց սուրիական կողմին հետ փոխհասկացողութեան գոյացման եւ համաձայնութեան կարելի...

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.  Լիբանանի Մէջ Դրական Ցուցանիշներ Կան,  Բանակը Կը Զօրանայ, Եւ Նախագահ Աունը  Դրական Տրամադրուած Է

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Լիբանանի Մէջ Դրական Ցուցանիշներ Կան, Բանակը Կը Զօրանայ, Եւ Նախագահ Աունը Դրական Տրամադրուած Է

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ. «Այս ամսուան վերջը կ´աւարտի վերջնական ժամկէտը, որ ամերիկացիները Լիբանանին ճշդեցին Հըզպալլան զինաթափելու համար։ Եթէ լիբանանեան բանակը ձախողի իր առաքելութիւնը կատարել, պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը պիտի բարձրանայ»։ Ամերիկացի պաշտօնատար մը օրաթերթին ըսած է. «Լիբանանի մէջ դրական ցուցանիշեր գոյութիւն ունին։ Բանակը կը հզօրանայ եւ կը բարելաւուի, եւ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունը դրական տրամադրուած է»։ «Կը յուսանք, որ...

Ապտելաթի. «Իսրայէլի, Իրանի  Եւ Միացեալ Նահանգներու Հետ Աշխուժ  Հաղորդակցութիւններ Ունեցայ Լիբանանը  Զինուորական Որեւէ Գործողութեան  Տառապանքէն Զերծ Պահելու Համար»

Ապտելաթի. «Իսրայէլի, Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Հետ Աշխուժ Հաղորդակցութիւններ Ունեցայ Լիբանանը Զինուորական Որեւէ Գործողութեան Տառապանքէն Զերծ Պահելու Համար»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Բոլոր մակարդակներուն վրայ Լիբանանի հարցին առնչակից միջազգային ու շրջանային բոլոր կողմերուն մօտ աշխուժ ջանքեր կը թափենք։ Իսրայէլի, Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ աշխուժ հաղորդակցութիւններ ունեցայ Լիբանանը զերծ պահելու ժողովուրդի ներուժին վնաս հասցնող որեւէ միջամտութեան կամ զինուորական գործողութեան տառապանքէն»։ «Կը գնահատենք լիբանանեան բանակին որդեգրած բոլոր քայլերը եւ բոլոր ձեռքբերումները, որոնք իրագործուեցան...

Համտան. «Օրէնսդրական Նիստը Հաստատեց,  Որ Երկխօսութեան Լեզուն Համայնքայնութեան  Առեւտրականներուն Պիտի Յաղթէ»

Համտան. «Օրէնսդրական Նիստը Հաստատեց, Որ Երկխօսութեան Լեզուն Համայնքայնութեան Առեւտրականներուն Պիտի Յաղթէ»

Ամալ շարժումի նախագահական մարմինի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Խորհրդարանի նիստի գումարումը կը հաստատէ, որ երկխօսութեան լեզուն պիտի յաղթէ համայնքայնութեան առեւտրականներուն, որոնք պատերազմ կը խրախուսեն եւ Լիբանանի հողին ու ժողովուրդին կը սպառնան սիոնական քանդումի մեքենայով։ Համր Սատանան ան է, որ գերիշխանութիւնը կþոտնահարէ եւ իսրայէլեան հռետորաբանութեան կը զօրակցի»։ Ան ըսաւ, որ հակառակ իսրայէլեան արարքներուն, «մենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարին ու անոր լրատուական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Փարիզի քառակողմ ժողովը առիթ ընծայեց մանրամասն ու համապարփակ կերպով ներկայացնելու բանակին կարիքները՝ մեկնելով յստակ տեսլականէ մը, որ բանակը կարող դարձնելը կը նկատէ պետութեան իր գերիշխանութիւնը տարածելու կարողութեան առաջին պայմանը»։ . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքրոնիա»-ին. «Ժողովի արդիւնքները ցոյց տուին, որ ֆրանսական դիրքորոշումը համահունչ է ամերիկեան ու սէուտական դիրքորոշումներուն։ Բանակի օժանդակութիւնը այլեւս կախեալ է Հըզպալլայի...

Սաար. «Մեր Փափաքը Լիբանանի Հետ  Յարաբերութիւններու Բնականոնացումն Է,  Եւ Տարակարծութիւնները Կարելի Է Շրջանցել»

Սաար. «Մեր Փափաքը Լիբանանի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումն Է, Եւ Տարակարծութիւնները Կարելի Է Շրջանցել»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար «Արապիա»-ի անգլերէն ծառայութեան յայտնեց. «Մեր փափաքը Լիբանանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումն է, եւ տարակարծութիւնները կարելի է շրջանցել»։ «Լիբանանի հետ տարակարծութիւնները չնչին են, եւ զանոնք կարելի է լուծել», աւելցուց ան։ «Մենք չենք կարծեր, որ Հըզպալլայի դէմ մեր յարձակումները Լիբանանի գերիշխանութիւնը կþոտնահարեն», պնդեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը։ «Պէտք է Իսրայէլի անվտանգութեան համար ոչնչացնենք Հըզպալլան», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ...

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան շարք մը յարձակումներ գործեց Հերմելի բացատներուն վրայ։ Ապա հարաւային Լիբանանի մէջ շարք մը օդային յարձակումներ գործելով թիրախաւորեց Ժապպուր եւ Քաթրանի շրջաններն ու Զաութարի մէջ Լիթանի գետին հունը։ Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը նաեւ երկու հրթիռներ արձակեց թիրախաւորելով Թիպէ գիւղը։ Իսրայէլեան բանակի բանբերը պնդեց, թէ բանակը Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ Հըզպալլայի պատկանող ենթակառոյցներ թիրախաւորած է։ Իսրայէլեան բանակը...

Փարիզ. «Փետրուարին Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Միջազգային Խորհրդաժողով»

Փարիզ. «Փետրուարին Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Միջազգային Խորհրդաժողով»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք փետրուարին լիբանանեան բանակին աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու շուրջ»։

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Խորհրդարանը Օրէնսդրական Նիստ Մը Գումարեց

Երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով գումարուեցաւ օրէնսդրական նիստ, երբ խորհրդարանի օրինաթիւը գոյացաւ։ Արդարեւ, 67 երեսփոխաններ ներկայ գտնուեցան նիստին։ Խորհրդարանը վաւերացուց հարաւային Լիբանանի մէջ ենթակառոյցներու վերաշինութեան համար Միջազգային դրամատունէն 250 միլիոն տոլարի փոխատուութեան համաձայնութեան օրինագիծը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի նկատումները նկատի ունենալէ ետք՝ դատական համակարգի կարգաւորման օրէնքը։ Երեսփոխանները նաեւ վաւերացուցին թիւ 9137 հրամանագիրին մէջ նշուած եւ կառավարութեան Լիբանանի եւ Սուտանի...

Թերզեան. «Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչները  Նշանակուեցան Առանց Մեզ Տեղեակ Պահելու.  Կը Պահանջենք Նշանակման Համար  Օգտագործուած Մեքանիզմը Իմանալ»

Երեսփոխան Թերզեան Կը Պահանջէ Պէյրութը Ներառել Միջազգային Դրամատան Հետ Վարկի Համաձայնութեան Մէջ

Խորհրդարանի երէկուան օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ Միջազգային դրամատան հետ կնքուած՝ ենթակառոյցներու վերանորոգման ուղղուած 250 միլիոն տոլարի վարկի համաձայնութիւնը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան պահանջեց այս օրէնքին մէջ, մանաւանդ որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները շատ ցայտուն կերպով սկսան ի յայտ գալ՝ մայրաքաղաքին ենթակառոյցներուն արագ քայքայման միջոցով։

«Առողջ Միտումներ» Արշաւի Մեկնարկման  Պաշտօնական Հանդիսութիւն

«Առողջ Միտումներ» Արշաւի Մեկնարկման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կնոջ՝ Սահար Պաասիրիի հովանաւորութեամբ մեծ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի առողջապահութեան գործակալութիւնը երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան, կրթութեան եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն հետ մեկնարկը տուաւ «Առողջ միտումներ» կոչուող արշաւին, որ յատկացուած է երիտասարդներուն եւ պատանիներուն առողջապահական եւ ընկերային խնդիրներու մասին իրազեկման։ Հանդիսութեան վարչապետի կնոջ կողքին ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, կրթութեան...

Ապու Զէյնապ. «Հըզպալլան Որեւէ Արաբական,  Մասնաւորաբար Եգիպտոսի Կողմէ Առաջարկի Հետ Է»

Ապու Զէյնապ. «Հըզպալլան Որեւէ Արաբական, Մասնաւորաբար Եգիպտոսի Կողմէ Առաջարկի Հետ Է»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ նշեց. «Լիբանանեան բանակը Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ զինաթափման ծրագիրը ամբողջովին աւարտեց»։ Ան այս մասին յայտնեց «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին։ «Լիբանանը իրմէ պահանջուածը կատարեց, մինչ իսրայէլացի թշնամին տակաւին կը տնտնայ, ամերիկեան աջակցութեամբ կը փորձէ ժամանակ վատնել եւ պահանջուած որեւէ հեռացում չկատարեց», նշեց ան։ «Լիթանի գետի հիւսիսին մէջ զէնքի հարցը լիբանանեան ներքին հարց...

Ժեմայել. «Հըզպալլայի Զինեալ  Դերակատարութիւնը Վերջ Պիտի Գտնէ»

Ժեմայել. «Հըզպալլայի Զինեալ Դերակատարութիւնը Վերջ Պիտի Գտնէ»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կþուզենք, որ Լիբանանը անցնի նոր փուլի, ուր կը վերատիրանայ իր որոշումին եւ կը վերականգնէ իր բոլոր հողերուն վրայ իր վերահսկողութիւնը»։ Ան ցաւ յայտնեց, որ «Հըզպալլան չընդառաջեց շիի համայնքին եւ անզէն Հըզպալլայի հետ անկեղծացումէն եւ հաշտեցումէն ետք նոր էջ բանալու մեր կոչերուն, սակայն խնդիրը այն է, թէ Հըզպալլայի որոշումը իր ձեռքը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, բանակի հրամանատար զօր. Հայքալ Փարիզի ժողովի ընթացքին բանակին աջակցութեան համար որոշակի գումար մը պիտի չխնդրէ, այլ պիտի բաւարարուի ներկայացնելով այն բաները, որոնց կարիքը ունի բանակը՝ Լիթանի գետին հարաւի եւ հիւսիսի մէջ իրեն վստահուած պարտականութիւնը կատարելու համար։ . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Շարք մը երեսփոխաններ Պաապտայի պալատի եւ վարչապետարանի կարծիքները շօշափելէ ետք, քաջալերուեցան խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցելու»։...

Նախագահ Աուն. «Բանակցիլը Յանձնուիլ  Չի Նշանակեր, Եւ Պատերազմ Խրախուսողին  Խաղը Բացայայտուեցաւ»

Նախագահ Աուն. «Բանակցիլը Յանձնուիլ Չի Նշանակեր, Եւ Պատերազմ Խրախուսողին Խաղը Բացայայտուեցաւ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Աշխարհի վրայ լիբանանեան մշակութային համալսարանի նոր վարչութիւնը ընդունելով յայտնեց. «Բանակցութեան ճամբով աշխատանք կը տանինք անվտանգութեան եւ կայունութեան մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ հաստատման համար, եւ բանակցիլը յանձնուիլ չի նշանակեր»։ «Իբրեւ հանրապետութեան նախագահ պիտի ընթանամ որեւէ ճամբով, որ զիս Լիբանանի շահը կ´առաջնորդէ, եւ ատոր մէջ կարեւորը պատերազմի ուրուականը հեռացնելը, վերաշինութիւնը, մարդիկ իրենց հողին վրայ հաստատելը,...

Page 65 of 986 1 … 64 65 66 … 986

Արխիւներ