. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն լիովին համաձայն է զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլին անցնելու մասին վարչապետ Սալամի յայտարարութեան, եւ ոչ միայն ամբողջովին տեղեակ է պատրաստուող ամէն ինչէն, այլ կը գտնուի այս քայլի կեդրոնը:
«Ան շուրջ երկու շաբաթ առաջ իր խորհրդական Անտրէ Ռահհալը ուղարկեց Փարիզ` հանդիպելու Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ` համակարգում կատարելու քանի մը հարցերու շուրջ, որոնց շարքին Լիթանի գետէն հիւսիսի մէջ զէնքի թղթածրարին, ինչպէս նաեւ քննարկուող կարգ մը օրինագիծերու շուրջ, ինչպէս` ելեւմտական բացի օրինագիծը»:
Աղբիւրները նշած են. «Սալամի եւ Աունի դիրքորոշումները իրարմէ անջատելը անտրամաբանական ու անիրատեսական է, որովհետեւ երկուքն ալ նոյն ծրագիրին կը պատկանին, նոյն առաքելութիւնը կ՛իրականացնեն եւ կը գործադրեն նոյն խոստումները, զորս ամերիկացի, արեւմուտքցի եւ արաբ պատուիրակները միշտ կը յիշեցնեն, եւ անոնց մասին կը խօսի Իսրայէլը` հիմնուելով 5 օգոստոսի նիստի ընթացքին կառավարութեան որդեգրած որոշումներուն վրայ»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամ ճիշդ ժամանակը ընտրեց կառավարութեան, ինչպէս նաեւ իր ու նախագահ Աունի միջեւ խնդիր գոյութիւն չունենալուն պատգամը փոխանցելու համար: Ան ընտրուած այս ժամանակով ուզեց պատգամ յղել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին` 29 դեկտեմբերին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումէն առաջ, այն յոյսով, որ ճնշում կը գործադրէ Նեթանիահուի քայլերը եւ պատերազմը սրելու անոր սպառնալիքները զսպելու համար, հաշուի առնելով Սալամի անսասան յանձնառութիւնը զէնքի մենաշնորհման որոշումի գործադրութիւնը ամբողջացնելու եւ բանակի ծրագիրի երկրորդ փուլին անցնելու:
«Ան յոյս ունի Լիբանանի դաշնակիցները մղելու Թրամփի մօտ միջամտելու, որպէսզի Նեթանիահուին ստիպէ նախագահ Աունի եւ կառավարութեան կողմէ զէնքի պետութեան մենաշնորհի վերաբերեալ իրենց խոստումը յարգելնուն դիմաց քայլ մը կատարել»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան մէջ կը կիրարկէ երկարաշնչութեան քաղաքականութիւն, սակայն միայն որոշ ժամանակի համար, եւ այս կեցուածքը կրնայ փոխուիլ, եթէ չյանգի յառաջընթացի մը, որ կը վկայէ կուսակցութեան իր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկելուն, եւ ոչ թէ խօսքով, այլ իրողապէս կանգնելու պետութեան դիւանագիտական ընտրանքներուն ետին»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Խորհրդարանի փոխնախագահ Պու Սաապի Պաապտայի պալատի ամպիոնէն ընտրութիւններու (ըստ Պու Սաապի օգոստոսին) յետաձգման մասին ըսածին մեծ նշանակութիւն կարելի չէ ընծայել, որովհետեւ այդ խօսքը կարելի չէ իբրեւ նախագահութեան դիրքորոշումը մեկնաբանել»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ Լիթանի գետէն հարաւ իրագործուեցաւ, կարելի չէ անջատել բանակի որդեգրած մօտեցումէն, որ հիմնուած է աստիճանականութեան եւ իրապաշտութեան վրայ` նկատի ունենալով, որ շրջանը կայունութեան նկատմամբ ներքին կամ միջազգային որեւէ մօտեցումի հիմնական առանցքն է»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Եթէ պահանջուածը պահ դրուած գումարներու հետեւանքներէն դուրս գալն է եւ նախկին փորձերու ձախողութենէն ետք օրինագիծը ներկայ պայմաններուն մէջ լաւագոյն կարելին է, ապա կառավարութեան մէջ ընդդիմութեան ծաւալը խորհրդարանին մէջ բանավէճին ցուցանիշը պիտի դառնայ»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 28000 լ.ո. եւ յաջորդաբար հասան 1.356.00 լ.ո.-ի եւ 1.396.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 19000 լ.ո. եւ հասաւ 1.261.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազի գինը մնաց անփոփոխ` 1.184.000 լ.ո.:


