Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի դեսպաններուն ներկայացուցածը հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իսկական կացութիւնը պարզեց: Ան այս մասին յայտնեց «Նաշրա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին
«Որեւէ քայլ, որ Լիբանանի աջակցութեան, նոր իշխանութեան երթին եւ բանակի աջակցութեան կը ծառայէ, կ՛ողջունենք եւ անոր կը զօրակցինք», ըսաւ ան:
«Եթէ պահանջուած նպատակներէն մէկը զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելն է, պէտք է անպայման Փարիզի խորհրդաժողովը գումարելու ճամբով բանակին անհրաժեշտ կարելիութիւնները ապահովել», նշեց ան:
Անդրադառնալով զէնքի մենաշնորհման հարցին` Մուսա յայտնեց, որ Լիբանանը «կը մօտենայ նուրբ գործընթացի, որ յառաջիկայ տարեվերջին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտն է, ինչ որ այդ միջազգային ուժերու մեկնումով բացի ստեղծում կը նշանակէ: Այս իրողութենէն կը ծնի լիբանանեան բանակին իր պարտականութիւնը կատարելու կարելիութիւններու կարիքը, ինչ որ կը պահանջէ անոր աջակցիլ»` աւելցնելով. «Ասիկա Եգիպտոսի եւ Լիբանանի բարեկամ ու գործընկեր մեծաթիւ պետութիւններու համոզումն է»:
Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման վերաբերեալ հարցումի մը, եւ թէ արդեօք Լիբանանին նոր պայմաններ պիտի հաստատե՞ն, Եգիպտոսի դեսպանը յայտնեց. «Գոյութիւն ունին ամերիկեան հասկացողութեան ցուցանիշեր, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի լիբանանեան բանակի կարիքներուն, եւ կը կարծեմ, որ ընթացքը այդ ուղղութեամբ պիտի ընթանայ»:
«Լիբանանեան պետութիւնը կացութեան իրականութեան ու իրողութեան մասին կը խօսի եւ կը բացատրէ, թէ ի՛նչ են մարտահրաւէրները, ի՛նչ են կարիքները, եւ աշխարհը անոր մտիկ կ՛ընէ՞ եւ կը հասկնա՞յ», ըսաւ Մուսա:
«Այժմ Եգիպտոսը, այո, եւ շատ յստակ, ամբողջ ուժով, մենք հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ ենք, անոր քաղաքականութեան ամբողջովին կ՛աջակցինք, կը զօրակցինք այս իշխանութեան, կը զօրակցինք երդման ճառին եւ անոր պարունակած քայլերուն ու խոստումներուն», նշեց Եգիպտոսի դեսպանը:
Պատասխանելով Հըզպալլայի հետ եգիպտական կողմի հանդիպումներուն մասին հարցումի մը` Մուսա ըսաւ. «Մենք կը փորձենք բոլորը լսել, Հըզպալլային, անոնց պատկերացումին եւ գնահատման կը լսենք, եւ մենք այս երկխօսութիւնը կը նկատենք անհրաժեշտ, եւ ան արդիւնք մը պիտի տայ: Կը յուսամ, որ ատիկա արագ ու դրական բան մը ըլլայ»:
«Լիբանանեան պետութիւնը իր յանձնառութիւններուն մեծ մասը կատարեց, թերեւս պահանջուածը աւելի արագ կշռոյթ է, սակայն միւս կողմէ` իսրայէլացին իր յանձնառութիւնները չկատարեց», նշեց Մուսա:


