Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յոյս յայտնեց, որ «Լիբանանի մէջ հզօր կառավարութիւն մը ըլլայ, եւ Հըզպալլան դարձեալ հարաւային Լիբանանի վրայ վերահսկողութիւն չհաստատէ»:
«Չենք ուզեր, որ Հըզպալլան Իսրայէլը վտանգելու իր կարողութիւններուն վերատիրանայ», ըսաւ ան:
«Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան իրագործումը յաւելեալ ջանք կը պահանջէ», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:


