. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Ամսուան վերջաւորութեան կ՛աւարտի ամերիկացիներուն Լիբանանին Հըզպալլայի զինաթափման համար ճշդած պայմանաժամը, եւ եթէ լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնը կատարելու ձախողի, պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը պիտի բարձրանայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանը լիբանանեան իշխանութիւններուն որդեգրած եւ միջազգային գովքի արժանացած քայլերուն լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներէն իսրայէլեան լայնածաւալ պատերազմի սպառնալիքներուն նկատմամբ խիստ կեցուածք մը կը սպասէ»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ Հըզպալլան պահպանած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ սահմանի ճամբով զէնքի մաքսանենգման ցանցերը` աւելցնելով. «Իրան կարելի բոլոր միջոցները կ՛օգտագործէ ցամաքի եւ ծովու ճամբով շրջանին մէջ իր թեւերուն զէնք ուղարկելու համար»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Նիտա Ուաթան» օրաթեթին. «Յունուարին կը սպասուի բան մը` կա՛մ պետութիւնը զէնքի մենաշնորհումը կ՛ամբողջացնէ, կա՛մ ալ Իսրայէլ կը ստանձնէ այդ պարտականութիւնը»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ի տարբերութիւն կարգ մը «բազէներու», Ուաշինկթընի մէջ որոշումի կայացման շրջանակները կը կարծեն, թէ աւելի լաւ է Հըզպալլայի եւ Իրանի նկատմամբ «գաւազան եւ ստեպղին»-ի քաղաքականութիւնը շարունակել, եւ ոչ թէ ծախսալից եւ անորոշ արդիւնքներով զինուորական լուծումներու դիմել»:
. «ՊԻՆԱ» օրաթերթ. «Լիբանանի մէջ քաղաքական լարուածութիւնը սրեցաւ, երբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խօսեցաւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ծրագիրին մէջ Լիթանի գետէն հիւսիս անցնելու մասին, նախքան Լիթանի գետի հարաւին մէջ լիբանանեան բանակի տեղակայման մնացեալ փուլերու աւարտը:
«Իսրայէլեան կողմը չէ կատարած իր պարտաւորութիւններէն որեւէ մէկը` ըլլայ այդ յարձակումներու դադրեցումը, Կապոյտ գիծի ետեւէն նահանջը, թէ Լիբանանի ջուրերու եւ օդային տարածքի խախտումներու դադրեցումը: Լիբանանեան դիրքորոշումը, ներառեալ Սալամի դիրքորոշումը այն էր, որ բռնագրաւող պետութեան իր յարձակումները չդադրեցնելը կը խոչընդոտէ Լիթանի գետէն հարաւ լիբանանեան բանակի առաքելութիւնը աւարտելը եւ այդպիսով կը սառեցնէ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրն ու ատոր առնչուած ժամկէտները:
«Երկիրը վերադարձած է այն մթնոլորտին, որ կը տիրէր կառավարութեան 5 եւ 7 օգոստոսի որոշումներէն ետք, երբ կառավարութիւնը որոշեց հաստատել Միացեալ Նահանգներու նախագահի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի փաստաթուղթը, առանց որեւէ բանի, որ ցոյց կու տայ, թէ յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ մագլցումը արգիլող բան մը գոյութիւն ունի»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամի կողմէ ճշդուած ծրագիրը Լիբանանին լայն կարելութիւն կու տայ լուծելու զէնքի մենաշնորհման հարցը այնպիսի ձեւով մը, որ վերացուին իսրայէլեան պատրուակները եւ արեւմտեան ու արաբ միջնորդներուն կարելիութիւն տրուի զսպելու Իսրայէլը եւ անոր ստիպել, որ կատարէ Լիբանանին պահանջած քայլերը, մասնաւորաբար հինգ կէտերէն հեռանալը, յարձակումները դադրեցնելը, գիւղերու վերաշինութեան մեկնարկը, բնակիչներու վերադարձը եւ գերիներու վերադարձը»:
. ԵԳԻՊՏՈՍԻ վարչապետի Լիբանան այցելութենէն ետք Հըզպալլայի ղեկավարներէն մէկը «Նահար» օրաթերթին յայտնած է, թէ կուսակցութիւնը յոյս ունի Եգիպտոսի հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու եւ օգտուելու անոր ներկայութենէն` «ամրապնդելու համար Լիբանանի դիրքերը Իսրայէլի յարձակումին դէմ, որ կը թիրախաւորէ լիբանանցիները` իր ծրագիրը իրականացնելու եւ բռնագրաւումը շարունակելու համար»:
. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Պահ դրուած գումարներու վերատիրացման օրինագիծը կը զայրացնէ դրամատուներն ու պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերը»:


