Լիբանանեան

Ընդունելով Եգիպտոսի Քարիւղի Նախարարը`  Աուն. «Կազի Մեր Կարիքներուն Բաւարարման Համար  Փոխադարձ Հասկացողութեան Արձանագրութեան  Ստորագրումը Ելեկտրականութեան Արտադրման  Կարողութեան Աճ Պիտի Ապահովէ»

Ընդունելով Եգիպտոսի Քարիւղի Նախարարը` Աուն. «Կազի Մեր Կարիքներուն Բաւարարման Համար Փոխադարձ Հասկացողութեան Արձանագրութեան Ստորագրումը Ելեկտրականութեան Արտադրման Կարողութեան Աճ Պիտի Ապահովէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Եգիպտոսի քարիւղի եւ մետաղային հարստութեան նախարար Քարիմ Պատաուին ընդունելու ընթացքին Լիբանանի երախտապարտութիւնը յայտնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի ցուցմունքով լիբանանցի ժողովուրդին տրամադրուած աջակցութեան համար: «Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան համար Եգիպտոսի կողմէ բաւարար բնական կազի տրամադրման համար երկու երկիրներուն միջեւ փոխհասկացողութեան արձանագրութեան ստորագրումը գործնական ու հիմնական քայլ մըն է, որ Լիբանանը կարող պիտի դարձնէ...

Եգիպտոսի Դեսպանը Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի  Վաւերացման Համար Շնորհաւորեց Կառավարութիւնը

Եգիպտոսի Դեսպանը Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի Վաւերացման Համար Շնորհաւորեց Կառավարութիւնը

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա շնորհաւորեց լիբանանեան կառավարութիւնը ելեւմտական բացի օրինագիծը վաւերացնել յաջողելուն համար` նշելով, որ անիկա «շատ կարեւոր քայլ կը նկատուի, եւ շարք մը ներքին եւ ֆինանսաւորման միջազգային հաստատութիւններու կողմէ զայն վաւերացնելու պահանջներ կային: Այս քայլին յաւելեալ քայլեր պիտի յաջորդեն, եւ բոլոր անոնք, որոնց հետ խօսեցայ, կը գնահատէին այս քայլը եւ կառավարութեան այս ջանքը»: Մուսա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին...

Քարամ. «Ինչո՞ւ Ոմանք Պատասխանատու Պաշտօններ  Ստանձնեցին, Եթէ Պատրաստ Չեն Պետութեան Կառուցման  Պատասխանատուութիւն Ստանձնելու»

Քարամ. «Ինչո՞ւ Ոմանք Պատասխանատու Պաշտօններ Ստանձնեցին, Եթէ Պատրաստ Չեն Պետութեան Կառուցման Պատասխանատուութիւն Ստանձնելու»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆատի Քարամ նշեց. «Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի` ելեւմտական բացի վերաբերեալ տեսութեան, անոր ընդդիմացողներուն պատճառները քաղաքական նկատելուն եւ «զէնքի հարցը բարեկամաբար կը լուծուի» ըսելուն լոյսին տակ հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ ան եւ անոր համակարծիք եղողները պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեցին, եթէ պատրաստ չեն պետութեան վերակառուցման, զայն փոքրիկ պետութենէն եւ փտածներէն ազատելու համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու»: Փոխվարչապետը մէկ օր առաջ...

Հաժ Հասան. «Լիբանանեան Գերիշխանութեան Համար  Ձեր Կարելին Ըրէ՛ք, Ետքը Ազգային Պաշտպանութեան  Ռազմավարութեան Քննարկումին Եկէ՛ք»

Հաժ Հասան. «Լիբանանեան Գերիշխանութեան Համար Ձեր Կարելին Ըրէ՛ք, Ետքը Ազգային Պաշտպանութեան Ռազմավարութեան Քննարկումին Եկէ՛ք»

Պաալպեք Հերմելի երեսփոխանական պլոքի նախագահ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Մենք սպառնալիքի եւ սարսափեցման առջեւ չենք վախնար, չենք նահանջեր եւ անձնատուր չենք ըլլար»: «Դիմադրութիւնը լիովին յարգեց զինադադարի համաձայնութեան պայմանները, եւ մեզի համար լիբանանեան ազգային առաջնահերթութիւնը գերիշխանական առաջնահերթութիւն է: Լիբանանեան ազգային առաջնահերթութիւնը պէտք է բոլոր լիբանանցիներուն մօտ համախոհութիւն վայելող նիւթ ըլլայ: Անիկա գերիշխանական առաջնահերթութիւն է, որ որեւէ բանակցութենէ առաջ կը սկսի իսրայէլեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Միջազգային ուժերէն ոեւէ մէկը ընտրութիւններու կայացման համար որեւէ ճնշում չի բանեցներ, որովհետեւ անոնց համար յստակ դարձած է, թէ շիի համայնքը պիտի վերանորոգէ երկեակին նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը, որովհետեւ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր տեղի ունեցողը ոչ թէ կուսակցութեան դէմ ուղղուած կը նկատէ, այլ` համայնքին դէմ»: . ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ բացի ծրագիրին ընդդիմացող աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Այն, ինչ...

Սալամ. «Պէյրութ Այցելած Պատուիրակներու  Գնահատումը Կը Հաստատէ, Որ Կացութիւնը  Վտանգաւոր Է Եւ Մագլցումի Ենթակայ»

Սալամ. «Ելեւմտական Բացի Օրէնքը Բարեկարգումի Նախաքայլն Է, Եւ Գնդակը Խորհրդարանի Դաշտն Է»

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարաց խորհուրդի` ելեւմտական բացի օրէնքը վաւերացնելը փրկութեան եւ բարեկարգումի նախաքայլն է եւ կը զուգորդուի լիակատար թափանցիկութեան` պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու տարիներ շարունակ սպասուած իրաւունքները վերականգնելու համար»: «Գնդակը խորհրդարանի դաշտն է, եւ բոլոր կարծիքները կը յարգենք», աւելցուց ան: «Այժմ կը կեդրոնանանք խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելուն վրայ: Կառավարութիւնը անոնց կը...

Բագրատունի. «Օրինագիծը Ելեւմտական  Բացի Օրէնք Կոչելը Տագնապն Ու Տեղի  Ունեցած Գողութիւնը Շպարել Է»

Բագրատունի. «Օրինագիծը Ելեւմտական Բացի Օրէնք Կոչելը Տագնապն Ու Տեղի Ունեցած Գողութիւնը Շպարել Է»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ուրբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին հիւրն էր «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի «Լուպնանիա» յայտագիրին, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանի վերջին զարգացումներուն: Բագրատունի հարցազրոյցի սկիզբը նշեց. «Օրինագիծը ելեւմտական բացի օրէնք կոչելը տագնապն ու տեղի ունեցած գողութիւնը շպարել է»` աւելցնելով. «Պահ դրուած գումար ունեցող լիբանանցին իրողապէս միակն է, որ անոր...

Քաթարցի Նախարարն Ու Սէուտցի Պատուիրակը  Քննարկեցին Լիբանանի Կացութեան Զարգացումները

Քաթարցի Նախարարն Ու Սէուտցի Պատուիրակը Քննարկեցին Լիբանանի Կացութեան Զարգացումները

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ  պետական նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելազիզ պըն Սալեհ Խալէյֆի ժողով գումարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ լիբանանեան հարցերով խորհրդական Եազիտ Պըն Ֆահտ Ֆարհանի հետ, որ այժմ երկիր կ՛այցելէ»: Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն հրապարակելով յայտնեց. «Ժողովի ընթացքին արծարծուեցան երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան յարաբերութիւնները, անոնց աջակցելու եւ զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները, Լիբանանի մէջ կացութեան զարգացումները եւ...

Շէյխ Քասեմ. «Լիբանան Այսօր Ամերիկայի  Եւ Իսրայէլի Պատճառով Փոթորիկի  Եւ Անկայունութեան Մէջ Է»

Շէյխ Քասեմ. «Լիբանան Այսօր Ամերիկայի Եւ Իսրայէլի Պատճառով Փոթորիկի Եւ Անկայունութեան Մէջ Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ նշեց. «Լիբանան այսօր Ամերիկայի եւ Իսրայէլի պատճառով փոթորիկի եւ անկայունութեան մէջ է, եւ անոնք են Լիբանանի մէջ անկայունութեան եւ լիբանանցիները պատուհասած բազմաթիւ խնդիրներու ու բարդութիւններու պատճառները»: «Ամերիկան Լիբանանի մէջ փտածութիւնը հովանաւորեց եւ անոր պարագլուխները պաշտպանեց, աշխատանք կը տանի հոգատարութեան վրայ եւ այսօր երկրին մէջ բազմաթիւ կարեւոր ոլորտներ կը վերահսկէ», յայտնեց ան: «Կանգնած ենք պատմական...

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանան Միայն Ճառի Պէտք Չունի, Այլ Գործի Վերածուող Արդար Խօսքի Եւ Որոշումի  Վերածուող Հաշտութեան Խօսքի»

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանան Միայն Ճառի Պէտք Չունի, Այլ Գործի Վերածուող Արդար Խօսքի Եւ Որոշումի Վերածուող Հաշտութեան Խօսքի»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակի օր Պքերքէի մէջ քարոզի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան այսօր կարիքը ունի մարմնաւորուող խօսքի. խօսքի մը, որ գործի կը վերածուի, հաշտութեան խօսքի մը, որ որոշումի կը վերածուի, եւ խօսքի ու խոստումի մը, որ յանձնառութեան կը վերածուի: «Մեր հայրենիքը միայն ճառերու կարիքը չունի, այլ համակեցութեան խօսքերու, որոնք կը վերածուին արդար քաղաքականութիւններու եւ ազգային անկեղծ որոշումներու»: «Հայրենիքի փրկութիւնը կրնայ անկեղծ...

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  Լիբանանի Օժանդակող Երկիրներու Համախմբումը  Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Կազմուի  Արդիւնաբեր Կառավարութիւն

Փարիզ Ողջունեց Լիբանանի Կառավարութեան Կողմէ Ելեւմտական Բացի Օրինագիծին Վաւերացումը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կողմէ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու վնասներու բաժնեկցութեան «Ելեւմտական բացի օրէնք» անունով ծանօթ օրինագիծի որդեգրումը: Փարիզ նշեց, որ օրինագիծը Լիբանանի մէջ դրամատնային համակարգին նկատմամբ լիբանանցիներու վստահութեան վերականգնման ուղիին վրայ առաջին քայլ մըն է: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առումով վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Լիբանանի կացութիւնը կայունութեան եւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններու...

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները

Բանակը Ապօրինի Կերպով Լիբանան Մուտք Գործող Սուրիացիներու Գետ Վերադառնալ Ստիպելը Կը Հերքէ

Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ սուրիական քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը սուրիական բանակին օգնութեամբ յաջողած են արեւմտեան Հոմսի գիւղական Թելքալխ քաղաքին մօտ Շապրունիէ եւ Տապպուսիէ գիւղերու մերձակայքին մէջ  լիբանանեան հողերէն սուրիական հողեր, եւ սուրիական հողերէն Լիբանան Նահր Քապիր Ժանուպի գետին ճամբով ապօրինաբար անցնիլ փորձող շարք մը անձեր խեղդուելէ փրկել: Փրկուածները հաղորդած են, թէ իրենց խումբը կը բաղկանար 11 անձերէ, որոնցմէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՐԵՒՄՈՒՏՔՑԻ դիւանագէտներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսրայէլ կ՛ուզէ յառաջիկայ փուլին Հըզպալլայի դէմ իր յարձակումները ընդլայնել, նախքան յառաջիկայ ամիսներուն Իրանի վրայ հաւանական իսրայէլեան որեւէ յարձակումը զայն ճակատամարտէն դուրս բերելու համար, որպէսզի իսրայէլեան բնակեցման վայրերը դուրս բերէ թիրախաւորումէն անօդաչու թռչող սարքերուն, որոնք ըստ աղբիւրներուն, Հըզպալլայի նախասիրած զէնքերը պիտի ըլլան: . «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ...

Կառավարութիւնը Որդեգրեց Ելեւմտական  Բացի Օրինագիծը

Կառավարութիւնը Որդեգրեց Ելեւմտական Բացի Օրինագիծը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովի ընթացքին 13 թեր եւ 9 դէմ քուէներով որդեգրեց ելեւմտական բացի օրինագիծը, որ այժմ վաւերացման համար պիտի փոխանցուի խորհրդարանին: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նիստէն ետք յայտարարեց. «Մեզի համար կարեւոր է, որ խորհրդարանը կարելի եղածին չափ շուտ վաւերացնէ ելեւմտական բացի օրէնքը, եւ անոր հիմքը մենք ենք, եւ ոչ թէ Միջազգային դրամական ֆոնտը»: «Ուշացումի իւրաքանչիւր օրը...

Հաժ. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծը  Մեղաւորներուն Անմեղութեան Գիր Տուող  Օրէնքի Հիմք Կը Ծառայէ»

Հաժ. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծը Մեղաւորներուն Անմեղութեան Գիր Տուող Օրէնքի Հիմք Կը Ծառայէ»

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ռազի Հաժ յայտնեց. «Տնտեսական քայքայումէն (2019-2025) անցան վեց տարիներ, որոնց ընթացքին միայն լիբանանեան դրամատուներուն մէջ մարդոց պահ դրած գումարները պաշտպանելու խոստումներ լսեցինք, ինչպէս նաեւ ելեւմտական ու դրամատնային ոլորտներու վերակազմակերպման օրէնքներու եւ ելեւմտական բարեկարգումներու խոստումներ լսեցինք, մինչ տակաւին պահանջուածը գործնական ծրագիր մը եւ կիրարկելի յստակ գործողութիւն մըն է` թալանուած եւ մաքսանենգուած դրամին վերատիրանալու, ինչ որ ինքնին...

Ֆատլալլա. «Զգուշացէ՛ք Ժողովուրդի Զայրոյթէն,  Որովհետեւ Եթէ Այդ Զայրոյթը Ճնշումին  Պատճառով Պայթի, Ձեզի Ոչինչ Պիտի Ձգէ»

Ֆատլալլա. «Զգուշացէ՛ք Ժողովուրդի Զայրոյթէն, Որովհետեւ Եթէ Այդ Զայրոյթը Ճնշումին Պատճառով Պայթի, Ձեզի Ոչինչ Պիտի Ձգէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Լիթանիի հարաւը համաձայնութեան մաս կը կազմէ, եւ լիբանանեան բանակի այդտեղ առաքելութիւնը աւարտելով Իսրայէլի համաձայնութիւնը գործադրել պարտադրելու համար Ամերիկայի վրայ ճնշման խաղաքարտը Լիբանանի ձեռքը կ՛ըլլայ»: «Երկրին մէջ ոմանք կ՛ուզեն տկարացնել Դիմադրութեան գաղափարը, եւ բոլոր անոնք կ՛ուզեն իսրայէլացի թշնամիին դէմ զէնք բարձրացնել, որովհետեւ Լիբանանը թշնամիին կցելու ծրագիր մը ունին, սակայն Դիմադրութիւնը զայն ձախողութեան մատնեց»,...

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ առաջ շարք մը յարձակումներ գործեց Հերմելի բացատներուն մէջ Զղրինի եւ Պրիսայի բացատին դէմ: Իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի մէջ եւս յարձակումներ գործեց` թիրախաւորելով Իքլիմ Թուֆահի մէջ Ժպահ եւ Պասլիա գիւղերուն միջեւ գտնուող շրջանը: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց. «Բանակը քիչ առաջ Լիբանանի շարք մը շրջաններու մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցներու վրայ օդային յարձակում գործեց»: «Հարաւային Լիբանանի մէջ հարուածներու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն լիովին համաձայն է զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլին անցնելու մասին վարչապետ Սալամի յայտարարութեան, եւ ոչ միայն ամբողջովին տեղեակ է պատրաստուող ամէն ինչէն, այլ կը գտնուի այս քայլի կեդրոնը: «Ան շուրջ երկու շաբաթ առաջ իր խորհրդական Անտրէ Ռահհալը ուղարկեց Փարիզ` հանդիպելու Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ` համակարգում կատարելու քանի մը հարցերու շուրջ, որոնց...

Բագրատունի. «Նախքան Խորհրդարանական  Ընտրութիւններու Թուականի Ճշդումը  Եւ Հրաւէր Ուղղուիլը, ՀՅԴ-ի Համար Ընտրական  Համաձայնութիւն Եւ Վերջնական Որոշում Գոյութիւն Չունի»

Բագրատունի. «Նախքան Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Թուականի Ճշդումը Եւ Հրաւէր Ուղղուիլը, ՀՅԴ-ի Համար Ընտրական Համաձայնութիւն Եւ Վերջնական Որոշում Գոյութիւն Չունի»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Ալ Ռաշիտ Նիուզ» կայքի «Ֆաուք Թաուիլա» յայտագիրէն Էլիաս Մըրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով շրջանին մէջ թրքական ազդեցութեան տարածման յայտնեց. «Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կը զգուշացնենք շրջանին մէջ թրքական դերակատարութենէն: Անձնաւորութիւններ եւ քաղաքական կարգ մը կողմեր մեր կեցուածքը կը վերագրէին մեր հայ ըլլալուն: Այսօր, սակայն, կը տեսնենք...

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները

Լիբանանեան Բանակը Կը Պատասխանէ Ատրահիի Պնդումին

Լիբանանեան Բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Թշնամական կայքերէն մէկը կարգ մը բանակայիններուն պատկանելիութեան եւ հաւատարմութեան շուրջ սխալ ու ապակողմնորոշող տեղեկութիւններ հրապարակեց»: Բանակը կտրուկ կերպով հերքեց նշեալ տեղեկութիւնը` աւելցնելով, որ անոնց նպատակը բանակի հաւատամքն ու անոր անդամներուն աշխատանքը կասկածի տակ առնելն է, երբ անոնց ազգային հաստատութեան պատկանելիութիւնը հաստատ եւ արմատացած է: Լիբանանեան բանակը նաեւ կոչ ուղղեց անտեսելու այն լուրերը, որոնց նպատակը...

Page 63 of 985 1 … 62 63 64 … 985

Արխիւներ