Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը Լիբանանի ուժն ու միասնականութիւնը, մարտահրաւէրներուն դէմ պաշտպանութեան առաջին գիծն է»:
«Լիբանան արագացող զարգացումներուն եւ անոր դէմ հաստատուած պաշարումին լոյսին տակ նուրբ կացութենէ կ՛անցնի, սակայն Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ կը մնայ միակ հայրենիքը, որ կանգուն է», ըսաւ երեսփոխանը:
«Ո՛չ, Իսրայէլին անձնատուր պիտի չըլլանք եւ մեր զէնքը պիտի չյանձնենք», յայտարարեց Քպէյսի:
«Լիբանանի դիմագրաւած հիմնական խնդիրը Իսրայէլի կամ արտասահմանի մէջ չէ, այլ Լիբանանի մէջ, ոմանց մօտ, որոնք Դիմադրութեան զէնքը խլել, եւ Լիբանանը իր ուժի տարրերէն մերկացնել կը պահանջեն, ինչ որ ներքին պառակտումի խորացման կը յանգեցնէ», ըսաւ ան:
Ան ափսոսանք յայտնեց «անոնց կողմէ ազգային միասնականութեան իսկական ձգտումի բացակայութեան համար»:
«Յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնը առիթ պիտի ըլլայ յստակ պատգամ ուղղելու պառակտում սերմանողներուն եւ պետութեան հաստատութիւններուն վրայ տիրակալութիւն հաստատելու ձգտողներուն: Այս գործընթացին միջոցով պիտի ըսենք մեր խօսքը, թէ մենք Դիմադրութեան ու նահատակներուն հետ ենք, ո՛չ զանոնք պիտի լքենք, ո՛չ ալ անոնց պատգամը: Մեծ է բոլորին պատասխանատուութիւնը, ուստի քաղաքականութեան ճամբով պահպանենք մեր հայրենիքը, ինչպէս նահատակները զայն իրենց արիւնով պահպանեցին», յայտնեց Քպէյսի:


