. ԱՐԵՒՄՈՒՏՔՑԻ դիւանագէտներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսրայէլ կ՛ուզէ յառաջիկայ փուլին Հըզպալլայի դէմ իր յարձակումները ընդլայնել, նախքան յառաջիկայ ամիսներուն Իրանի վրայ հաւանական իսրայէլեան որեւէ յարձակումը զայն ճակատամարտէն դուրս բերելու համար, որպէսզի իսրայէլեան բնակեցման վայրերը դուրս բերէ թիրախաւորումէն անօդաչու թռչող սարքերուն, որոնք ըստ աղբիւրներուն, Հըզպալլայի նախասիրած զէնքերը պիտի ըլլան:
. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ այս ամսուան 29-ին Ֆլորիտայի մէջ նախատեսուած վեհաժողովը կը գրաւէ Լիբանանի ուշադրութիւնը եւ կը վերահսկուի երկրի բարձրագոյն իշխանութիւններուն կողմէ` պարզելու համար, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը որքանո՛վ պատրաստ է ընդառաջելու իր հիւրին փափաքին` ընդլայնելու Լիբանանի դէմ պատերազմը` այն պատրուակով, որ ան հետախուզական տեղեկութիւններ ունի Հըզպալլայի զինուորական կարողութիւններուն վերականգնման մասին` հակառակ նախագահ Ժոզեֆ Աունի` պատերազմի ուրուականը Լիբանանէն հեռացնելուն եւ «պայմաններու հիմամբ» զէնքի մենաշնորհումը գործադրելուն կառչելուն»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան չափազանց նուրբ փոխանցման փուլի մէջ է, ուր անվտանգութեան մարտահրաւէրները կը խաչաձեւեն բարեկարգումի եւ պետութիւն կառուցելու յոյսերը, որոնց շարքին են պատերազմի կանխարգիլումը, ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելը, բարեկարգումներն ու զէնքի մենաշնորհումը ամբողջացնելը: Այս բոլորը կը կազմեն իրարու առնչուած մէկ հոլովոյթ, որուն խորագիրը վերարտադրելն է լիբանանեան պետութիւնը իբրեւ իրողական հաստատութենական պետութիւն, որ կարող է իր ժողովուրդը պաշտպանել եւ իր ազգային որոշումը պահպանել, թէկուզ երկար ու դժուար ուղիէ անցնելով»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի դիմումին հիմամբ հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ քաղաքին եւ Այնաթա գիւղին մէջ շարք մը տուներու ստուգում կատարեց: Ի յայտ եկաւ, թէ բանակը Պընթ Ժպէյլի մէջ տուներու մեծամասնութիւնը ստուգած էր կամ իսրայէլեան վերջին յարձակումներէն անոնք վնասուած են, իսկ Այնաթայի մէջ շարք մը տուներ բնակուած են:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Ելեւմտական բացի օրինագիծին կառավարութեան նիստի ընթացքին քուէարկութիւնը նշանակալից յաջողութիւն նկատուեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի համար, որ համախոհութիւն գոյացնելու փորձերու ձախողութենէն ետք կրցաւ յաղթահարել նախագիծին դէմ տարբեր ընդդիմութիւնները»:
«ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Կառավարութիւնը ճակատագրական եւ անհիմն սխալ մը գործեց` թէ՛ ձեւի, թէ՛ բովանդակային առումով` հաստատելով ելեւմտական բացի մասին օրինագիծը, երբ Լիբանան տակաւին կը բախի գերիշխանական բացի սպառնալիքին` Հըզպալլայի զինաթափման հարցին, որ տակաւին կը շարունակուի:
«Ձեւի առումով անհասկնալի էր, թէ ինչո՛ւ գործադիր իշխանութիւնը ստիպուած էր շտապել օրինագիծի հաստատումը, հակառակ անոր որ վերջին երկու օրերու ընթացքին տեղեակ էր բազմաթիւ մեկնաբանութիւններէն եւ անոր նկատամբ լայն հանրային դիմադրութենէն, առաւել եւս նախագիծը քննող եւ վերլուծող բոլոր կողմերէն ընդգծուած ռիսքերէն: Անոնք կը մատնանշէին հաւանական աղէտը, եթէ ատոր բազմաթիւ թերութիւնները չլուծուին: Արդեօ՞ք Լիբանանի կառավարութիւնը հասած է անձնատուութեան եւ պետութեան ու անոր ժողովուրդի շահերը զոհաբերելու կէտին` Միջազգային դրամական ֆոնտէն վախնալով: Արդեօ՞ք աւելի խելամիտ չէր ըլլար կանգ առնել եւ հանգիստ ու բաց մտքով քննարկել մեկնաբանութիւնները, որպէսզի օրինագիծը կարենար իր նպատակին հասնիլ, յատկապէս հաշուի առնելով դրամավարկային մարմինի ղեկավար, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտի կողմէ բարձրացուած մտահոգութիւնները»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Լիուա» օրաթերթին. «Որդեգրուած ելեւմտական քայլը կ՛արտացոլէ իշխանութեան եւ կառավարութեան համար մեծ նուաճում, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ ելեւմտական, դրամավարկային ու քաղաքական կայունութիւնը պաշտպանելու վճռակամութիւն` շատ վտանգաւոր փուլի մը մէջ, որ կը հարուածէ շրջանը` Սուրիայէն մինչեւ Եմէն եւ կը հասնի Սոմալ, ի հարկէ` Կազայէն եւ Այսրյորդանանէն ետք, ինչ որ կարելի է բնութագրել իբրեւ արաբական երկիրներու անվտանգութեան, կայունութեան եւ շահերու նկատմամբ Իսրայէլի շարունակական «ոտնձգութիւն»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Պինա» օրաթերթին. «Չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցան նախագահի, վարչապետի, քանի մը նախարարներու եւ քաղաքական ուժերու միջեւ` օրէնքի որդեգրումը դիւրացնելու եւ կարելի եղածին չափ շատ նախորդ նիստերուն նախարարներուն կողմէ պահանջուած փոփոխութիւններ ներառելու համար` քաղաքական կուսակցութիւններու կարելի եղածին չափ մեծ թիւին բաւարարելու համար»:
Աղբիւրները նշած են, որ հակառակ այն իրողութեան, որ օրէնքը բոլոր կուսակցութիւններու շահերուն չի համապատասխաներ եւ իտէալական չէ, անիկա մինչեւ հիմա լաւագոյնն է, եւ ատոր որդեգրումը կարեւոր քայլ է այս քայլին հասնելու համար: Աղբիւրները նաեւ նշած են կառավարութեան վրայ բանեցուած միջազգային ճնշումները, որպէսզի օրէնքին վրայ աւելնայ դրամատուներու վերադասաւորման, դրամատնային գաղտնիութեան եւ այլ բարեկարգչական օրէնքներ, որպէսզի Լիբանանի համար ճամբայ հարթէ` վերականգնելու միջազգային վստահութիւնը եւ ներգրաւելու ներդրումային ֆոնտեր եւ նուիրատու կազմակերպութիւններ, մասնաւորաբար Միջազգային դրամական ֆոնտը, Լիբանանի տնտեսութեան աջակցելու, դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարները վերադարձնելու եւ դրամատուները վերաֆինանսաւորելու համար անհրաժեշտ չորս միլիառ տոլար եւ այլ վարկեր տրամադրելու համար:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Իսրայէլի ներքին իրավիճակին հետեւող լիբանանեան աղբիւրներ կը կարծեն, թէ Նեթանիահու իր ներքին խնդիրներուն լոյսին տակ որեւէ ետքայլ չի կատարեր, եւ ան այլ ելք չունի, քան կացութիւնը սրելն ու զինուորական իրավիճակը հրահրելը` խուսափելու համար «Աքսայի ջրհեղեղ»-ի ձախողութիւններու եւ հոկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցածի հետաքննիչ յանձնախումբի ստեղծումէն, ինչպէս նաեւ զօրակոչի մասին օրէնքի շուրջ վէճերէն, որոնք կրնան անոր կառավարութիւնը տապալել, Քնեսեթը լուծարել եւ յառաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին կատարել արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Հետեւաբար, Նեթանիահուի համար յաջորդ փուլին յառաջ ընթանալու միակ ուղին մագլցումն է»:
. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա»-ին. «Շրջանային մակարդակի վրայ բոլոր կարելիութիւնները բաց են, եւ ոչ ոք կրնայ կանխատեսել, թէ իրադարձութիւններու եւ զարգացումներու առումով ի՛նչ կրնայ պատահիլ: Բայց եւ այնպէս, այն ինչ որ Լիբանանի մէջ մեզ կը մտահոգէ բռնկելուն պարագային կրակի օղակէն զերծ մնալն է, եւ որեւէ հետեւանքներէ պաշտպանուած բեմ մնալը»:
Նոյն պաշտօնատարը կրկնած է իր պնդումը, որ կը բացառէ Իսրայէլի պատերազմը Լիբանանի դէմ` ըսելով. «Ես անմիջականօրէն լսեցի օտարերկրեայ դեսպանէն, որ հաստատեց, որ երկիրներու, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի համար առաջնահերթութիւնը Լիբանանի կայունութիւնն է, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ, եւ որ նոր պատերազմը շատ սուղ պիտի արժէ ոչ միայն մէկ կողմի, այլ նաեւ բոլոր կողմերու համար: Աւելի՛ն, ամերիկացիները յոյս ունին նշանակալից քայլերու իրենց նախագահած «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբէն, որ պէտք է հիմք դնէ մօտիկ ապագային լուծումներու եւ փոխըմբռնումներու համար»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «17 յուլիսին դիւանագիտական նշանակումներու որոշումէն ետք, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի կը մերժէ ստորագրել հաւատարմագիրները Լիբանանի երեք դեսպաններու` Ժան Մրատի (Կիպրոս), Ապի Թահայի (Ճափոն) եւ Մազեն Քապպարայի (Կապոն)»:


