Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովի ընթացքին 13 թեր եւ 9 դէմ քուէներով որդեգրեց ելեւմտական բացի օրինագիծը, որ այժմ վաւերացման համար պիտի փոխանցուի խորհրդարանին:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նիստէն ետք յայտարարեց. «Մեզի համար կարեւոր է, որ խորհրդարանը կարելի եղածին չափ շուտ վաւերացնէ ելեւմտական բացի օրէնքը, եւ անոր հիմքը մենք ենք, եւ ոչ թէ Միջազգային դրամական ֆոնտը»:
«Ուշացումի իւրաքանչիւր օրը մարդոց իրաւունքներու յաւելեալ մերժում է, եւ ես պատրաստ չեմ մսխելու վստահութիւնը, որուն սկսանք վերատիրանալ», նշեց վարչապետը:
«Իւրաքանչիւր անձէ, որ ելեւմտական քայքայումէն առաջ իր դրամները փոխադրեց, իւրաքանչիւր անձէ, որ ելեւմտական մեքենայութիւններէն օգտուեցաւ, եւ իւրաքանչիւր անձէ, որ չափազանցուած եկամուտներէ օգտուեցաւ, պիտի պահանջուի փոխհատուցում վճարել», աւելցուց ան:
«Առաջին անգամ ըլլալով ելեւմտական բացի օրէնքը հարցապնդում եւ հաշուետուութիւն կը պարունակէ, եւ պարտատոմսերը թուղթի վրայ խոստումներ չեն», յայտնեց վարչապետը:
Սալամ ըսաւ, որ 100 հազար տոլարէն նուազ պահ դրուած գումար ունեցողները իրենց գումարը ամբողջութեամբ, առանց մասնատումի եւ չորս տարուան վրայ երկարող տոկոսով պիտի ստանան` աւելցնելով, որ անոնք պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն 85 առ հարիւրն են:


