Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Լիթանիի հարաւը համաձայնութեան մաս կը կազմէ, եւ լիբանանեան բանակի այդտեղ առաքելութիւնը աւարտելով Իսրայէլի համաձայնութիւնը գործադրել պարտադրելու համար Ամերիկայի վրայ ճնշման խաղաքարտը Լիբանանի ձեռքը կ՛ըլլայ»:
«Երկրին մէջ ոմանք կ՛ուզեն տկարացնել Դիմադրութեան գաղափարը, եւ բոլոր անոնք կ՛ուզեն իսրայէլացի թշնամիին դէմ զէնք բարձրացնել, որովհետեւ Լիբանանը թշնամիին կցելու ծրագիր մը ունին, սակայն Դիմադրութիւնը զայն ձախողութեան մատնեց», ըսաւ երեսփոխանը:
«Լիբանանի մէջ ուժի ազդակները խլելու մասին խօսքը ներքին հռետորաբանութեամբ արտայայտուող արտաքին կամք է», նշեց ան:
«Երկրին մէջ ոմանք կ՛ուզեն ընտրութիւնները յետաձգել, յառաջընթաց արձանագրելու համար յոյս կապելով պաշարումին ու իսրայէլեան յարձակումին վրայ` տկարացնելու համար Դիմադրութեան միջավայրը», յայտնեց երեսփոխանը:
Ան խօսքը ներլիբանանեան բեմին ուղղելով Ֆատլալլա յայտնեց. «Զգուշացէք ժողովուրդի զայրոյթէն, որովհետեւ եթէ այդ զայրոյթը ճնշումին պատճառով պայթի, ձեզի ոչինչ պիտի ձգէ»:


