. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Միջազգային ուժերէն ոեւէ մէկը ընտրութիւններու կայացման համար որեւէ ճնշում չի բանեցներ, որովհետեւ անոնց համար յստակ դարձած է, թէ շիի համայնքը պիտի վերանորոգէ երկեակին նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը, որովհետեւ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր տեղի ունեցողը ոչ թէ կուսակցութեան դէմ ուղղուած կը նկատէ, այլ` համայնքին դէմ»:
. ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ բացի ծրագիրին ընդդիմացող աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ, կարելի չէ անջատել պառակտումի մթնոլորտէն, որ ելեւմտական թղթածրարին շուրջ կը տիրէ, եւ զայն չնչին մեծամասնութեամբ որդեգրելը զայն փրկարար քայլէ մը վերածեց վիճայարոյց նիւթի, որ երեսփոխանական քննարկումներու առաջին փուլին կարելի է ականահարել»:
. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կարծիքով, ելեւմտական բացի օրինագիծը ելեւմտական տագնապի լուծման եւ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու իրաւունքները վերականգնելու իսկական լուծումներ չի պարունակեր: Պըրրի կառչած կը մնայ իր հաստատ դիրքորոշման, թէ պահ դրուած գումարները սուրբ են:
Պըրրի իր այցելուներուն յայտնած է, որ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ կառավարութեան որդեգրած օրինագիծին եւ զայն կը նկատէ պահ դրուած գումարներու մահապատիժ, եւ ոչ թէ անոնց վերատիրացում:
. «ԱՍԱՍ». «Ասատի վարչակարգէն կարգ մը ղեկավարներ Լիբանանի մէջ իրենց անդամներուն ցուցմունք տուին փոխադարձ ահաբեկումներ պատրաստել, մանաւանդ որ Ղասսան Թարմահի սպանութիւնը յստակ պատգամ մըն էր, թէ առնչակից կողմերը կը հետեւին Լիբանանէն Հոմս եւ ծովափնեայ շրջան շարժումներուն»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած են, որ կը վախնան սուրիական ծովեզերեայ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու Լիբանանի վրայ ունենալիք ազդեցութիւններէն, յատկապէս այն պատճառով, որ Ժապալ Մոհսենի եւ Պապ Թապպանէի դէպքերը տակաւին լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ թարմ են:
Բացի ատկէ, սուրիական նախկին վարչակարգի անդամներու նոր վարչակարգին հաւատարիմ սուրիացիներու կողմէ սպանութիւնը, նոյնիսկ եթէ պատմութիւնը գողութեան վերագրուեցաւ, կը թաքցնէ մեծ տագնապ մը, որ կրնայ Սուրիայէն Լիբանան տարածուիլ:


