Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր գրառումին մէջ նշած է, որ մարդիկ մտահոգ են գործող կառավարութեան բացակայութեան գծով եւ կը խորհին, թէ նոր կառավարութիւն մը կազմելը պիտի բարելաւէ իրենց կեանքը:
«Չեմ ուզեր որեւէ մէկը հիասթափութեան մատնել, սակայն իրականութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երկրին մէջ նման քաղաքական կառուցուածքի մը գոյութեամբ որեւէ կառավարութենէ յոյս չկայ. այնքան ատեն, որ կառավարութիւնը ինքը փտած է: Նոյն դրդապատճառները նոյն արդիւնքներուն պիտի յանգեցնեն. մաքուր հագուստով աղտոտ մարմինը ի՞նչ օգուտ ունի», հարց տուաւ ան:



