Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ժընեւ Մեկնեցաւ` Մասնակցելու Համար Միջազգային Խորհրդարանական Համաժողովին

October 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ երեսփոխանական պատուիրականութիւն մը մեկնեցաւ Ժընեւ` մասնակցելու համար Միջազգային խորհրդարանական համաժողովին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Համաժողովին օրակարգերուն շարքին է միջազգային դատերու, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի, երիտասարդութեան եւ այլ հարցերու քննարկումը:

Այս ծիրին մէջ, Պըրրի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Իսլամական երկիրներու խորհրդարանի եւ Արաբական երկիրներու խորհրդարանի ժողովներուն, ուր պիտի արծարծուին սոյն համաժողովին առնչուող նիւթեր եւ իսլամական ու արաբական աշխարհը յուզող հարցեր:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Պըրրի հանդիպում ունեցաւ «Սետր» վեհաժողովի ֆրանսացի պատասխանատու Փիեռ Տուքանի հետ, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ: Քննարկուեցան «Սետր»-ի որոշումներն ու անոնց արդիւնքներուն հետապնդման հոլովոյթը: Անոնք խօսեցան «Հռոմ»-ի վեհաժողովին եւ զոյգ վեհաժողովներէն բխած որոշումներուն մասին, որոնք պիտի նպաստեն Լիբանանի մէջ կառավարման բարելաւման, ինչպէս նաեւ բանակի հզօրացման:

Պըրրի տեսակցութիւն ունեցաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին հետ ու արծարծեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Միքաթի ըսաւ, թէ Լիբանան արտաքին ճնշումներու ենթակայ է, եւ փոխանակ անոնց առաջքը առնելու, լիբանանցիներ առիթ կու տան յաւելեալ ճնշումներու: Ան աւելցուց, որ բոլոր ղեկավարները պէտք է հասկնան, որ երկրին իրավիճակը բաւականին ծանր է, իսկ կառավարութեան կազմութիւնը բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտութիւն դարձած է այսօր:

 

Նախորդը

Նասրալլա Կը Խօսի Սէուտական Արաբիոյ Մասին Եւ Պատգամ Կ՛ուղղէ Նեթանիահուին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին Եզրափակիչ Նիստին Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոնի Հետ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.