Ըստ «Նաշրա» կայքին հասած տեղեկութեան, պաղեստինեան Այն Հըլուէ գաղթակայանին մէջ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Հ. Ն. սկզբնատառերը կրող յանցագործ մը յաջողած է ձերբակալել` օգտագործելով զգայազրկիչ զէնք: Յանցագործը գաղթակայանին մէջ կը զբաղէր փաստաթուղթեր կեղծելով, եւ շատ հաւանաբար ան պատճառ դարձած է մեծ թիւով ոճրագործներու փախուստ տալուն:


