Ազգային երկխօսութեան կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումէն ետք հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշէ, թէ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած զանազան նիւթերու շարքին յատուկ տեղ գրաւած էր կառավարութեան կազմութեան խնդիրը: Մախզումի յայտնեց, որ «նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին վստահեցուցած են, որ մօտ է կառավարութեան կազմութիւնը»:
Մախզումի հաղորդագրութեան մէջ կը խօսի նաեւ փտածութեան վերացման մասին` դիտել տալով, որ օրէնքներու ամբողջական կիրարկումով միայն կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել փտածութիւնը եւ պատժել օրինազանցները:
Մախզումի ընդգծեց, որ բոլոր կողմերը վարչապետ Հարիրիէն կ՛ակնկալեն, որ շուտով աւարտէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, որովհետեւ երկրին տնտեսական իրավիճակը աւելի ուշացում չի կրնար հանդուրժել, եւ անհրաժեշտ է, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը պահէ իր ուժը:



