Երկու օրէ ի վեր Միումիէ գաղթակայանին մէջ տիրող զինեալ բախումները երէկ գիշեր կանգ առին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ ի գործ դրուած ճիգերուն եւ համապատասխան կողմերուն գործակցութեան շնորհիւ Ֆաթհ եւ Անսար Ալլահ շարժումներուն ներկայացուցիչները գումարեցին ժողով մը Սայտայի մէջ` կացութիւնը հակակշռի տակ առնելու նպատակով:
Բախումներուն ընթացքին երկու բանակային վիրաւորուեցաւ:
Այս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ յայտարարուեցաւ, որ դպրոցներն ու համալսարանները Սայտայի մէջ փակ պիտի պահեն իրենց դռները: