Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութիւնը… Անորոշ Հարիրի Կը Վառէ «Յոյսի Հուր» Փառատօնին Ջահը

Հոկտեմբեր 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան առնչուող եռուզեռները, յայտարարուած ու չյայտարարուած բանակցութիւններն ու քննարկումները կը շարունակուին, իսկ «Ժարիտա» թերթը կը գրէ, թէ մթնոլորտը ընդհանրապէս դրական է, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը ստանձնած Սաատ Հարիրի Այն Էլ Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն արդէն կառավարութիւնը պիտի ծնի: Ան նաեւ ըսաւ, որ շաբաթասկիզբին այս գծով աշխատանքները պիտի շարունակէ` շեշտելով, որ բոլոր կողմերն ալ անհրաժեշտ զիջումները կատարեցին` ի շահ Լիբանանին, ուստի ջանք կը տարուի ունենալու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն, որուն մէջ բոլոր կողմերը ներկայացուած ըլլան, եւ որ պիտի գործէ առկախ բազմաթիւ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

Լիբանանեան ներքին կեանքը կը սպասէ ճերմակ մուխին, որ պիտի բարձրանայ Պաապտայէն` աւետելով կառավարութեան կազմութիւնը, երեսփոխանական ընտրութիւններէն աւելի քան 5 ամիս ետք եւ մարաթոնային բանակցութիւններուն ու խորհրդակցական հանդիպումներուն լոյսին տակ:

 

Միւս կողմէ, մամուլին մէջ կը հրապարակուին տեղեկութիւններ` տարբեր աղբիւրներ իբրեւ հիմք ունենալով:

Արդարեւ, վարչապետարանէն աղբիւրներ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ վարչապետ Հարիրի 48 ժամէն կառավարութեան կազմութիւնը իրականացնելը անհրաժեշտութիւն կը նկատէ: Բայց եւ այնպէս, նոյն աղբիւրները դիտել տուած են, որ Հարիրի յայտնած է, թէ անկախ սիւննի նախարարութիւնը եթէ իր բաժինէն պիտի ըլլայ, ուրեմն պէտք է այլ վարչապետի մը մասին մտածել արդէն` աւելցնելով, որ «եթէ նախագահ Աուն կ՛ուզէ իր բաժինէն տրամադրել անկախ սիւնիի մը, ատիկա իր որոշումն ու գիտնալիքն է»:

«Օ. Թի. Վի.» իր կարգին դիտել կու տայ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջարկած է աշխատանքի, ընկերային հարցերու եւ մշակոյթի նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ` փոխվարչապետի պաշտօնը. ըստ աղբիւրին, ասիկա վերջին փորձ մըն է Հարիրիի կողմէ` Լիբանանեան ուժերուն ներկայացուած առաջարկը բարելաւելու:

«Ժարիտա» կը գրէ, որ աշխատանք կը տարուի լուծելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան բաժինին վերաբերող հարցը. այդ պատճառով ալ վարչապետ Հարիրի այցելած էր խորհրդարանի նախագահին, որպէսզի վերջինս համոզէ երկրագործութեան նախարարութենէն հրաժարելու եւ զայն տալու Լիբանանեան ուժերուն` աշխատանքի նախարարութեան փոխարէն, զոր կը մերժեն վերջինները: Ըստ թերթին, եթէ անկախ սիւննիի աթոռին հարցը խոչընդոտ չհանդիսանայ, այն ատեն բոլոր հարցերը այսպիսով լուծուած կ՛ըլլան:

***

Այս բոլորին զուգահեռ, վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ, 27 հոկտեմբերին վարչապետարանին մէջ վառեց ջահը «Յոյսի հուր» փառատօնին, որ կազմակերպած է Լիբանանի զբօսաշրջային միջազգային փառատօներու յանձնախումբը, որուն նպատակն է յատուկ կարիքներ ունեցող անձերը ներառել ընկերութեան մէջ:

Յանձնախումբի նախագահ Մէյ Մաալուֆ-Սաատ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ յոյսի ջահը կը լուսաւորէ կարեւոր ուղի մը, ուր կը միախմբուին սովորական անձերն ու յատուկ կարիքներ ունեցողները, որպէսզի թէ՛ ընկերութիւնը ընդունի, որ անոնք կրնան մաս կազմել իրենց միջավայրին, եւ թէ հեռացուի այն մտայնութիւնը, որ յատուկ կարիք ունեցող անձերը միշտ ալ լուսանցքներու վրայ պէտք է մնան: Ան գոհունակութեամբ աւելցուց, որ Լիբանան արաբական աշխարհին մէջ լաւագոյններէն կը նկատուի այս իմաստով, որովհետեւ յատուկ կարիքներ ունեցողներուն համար օրէնք մշակած է` պահպանելու անոնց իրաւունքները, ընկերութեան մէջ ներգրաւելու կարելիութիւնները:

Անկէ ետք խօսք առաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ ըսաւ, թէ սիրտը ուրախութեամբ կը լեցուի տեսնելով պայքարը յատուկ կարիքներ ունեցողներուն, որոնք պէտք է իրենց ամբողջական իրաւունքներուն տիրանան Լիբանանի մէջ, որովհետեւ «բոլորդ Լիբանանի քաղաքացիներ էք, պետութեան պարտականութիւնն է ձեզի տալ ձեր բոլոր իրաւունքները, օրէնքը առկայ է, սակայն պէտք է հետապնդել անոր ճշգրիտ գործադրութիւնը բոլորին կողմէ»: Անոր համաձայն, օրէնքին մէջ կան որոշ բաժիններ, որոնք բարեփոխման կը կարօտին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի յատուկ կարիքներ ունեցողներուն աշխատանք տալու: Վարչապետը խոստացաւ այս առնչութեամբ անհրաժեշտ քայլերուն դիմել, որպէսզի կարելի ըլլայ հոգալ անոնց բոլոր կարիքները` աւելցնելով, որ «բոլորին նպատակն է տեսնել ձեր  յաջողութիւնները, իսկ դուք պէտք չէ յուսահատիք եւ պէտք է գործէք ոեւէ լիբանանցի քաղաքացիի նման: Այս բոցը վառած պիտի մնայ առյաւէտ, որպէսզի Լիբանան մնայ յոյսի երկիր», եզրափակեց վարչապետը:

Նախորդը

Պատրիարք Ռայի. «Պէտք Է Կազմելազգային Միասնական Կառավարութիւն Մը»

Յաջորդը

Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակուած Է Շուրջ 1000 Կրակոց

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?