Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիտանեան. Լիբանան Բոլորին Համար Զբօսաշրջական Ուղղութիւն Պիտի Ըլլայ

October 26, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ներկայ գտնուեցաւ «Քուն Հատի» կազմակերպութեան հիմնադրութեան 12-րդ տարեդարձին: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ գնդապետ Հիշամ Քալաքիշ, զբօսաշրջութեան ոստիկանութեան հրամանատար գնդապետ Փիեռ Հաշիմ, Թմրեցուցիչի դէմ պայքարի գրասենեակի հրամանատար Հանրի Մանսուր եւ պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ «Քուն Հատի» կազմակերպութեան նախագահ Ֆատի Ժըպրան եւ բաղդատական մը կատարեց 2017-2018 թուականներու առաջին 9 ամիսներուն ընթացքին ինքնաշարժի արկածներուն տոկոսներուն ու յայտնեց, որ այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն 3.72 տոկոսով նուազած է արկածներու թիւը` աւելցնելով, որ ինքնաշարժի արկածի պատճառով զոհերուն թիւը տարեկան 510-ի կը հասնի:

Ապա ան ներկայացուց 2018 թուականին կազմակերպութեան տարած աշխատանքները. այս տարի մինչեւ օրս «Քուն Հատի»-ն կազմակերպած է 211 իրազեկման անվճար արշաւներ` 13 հազար աշակերտներու եւ ուսանողներու, հանրածանօթ «Տի. Ճէյ. Ռոճ» ճանապարհային անվտանգութեան հովանաւոր նշանակած է, կազմակերպած է «Թաքսի Նայթ» երիտասարդական խրախճանքը, ուր ներկաները անձնական ինքնաշարժներու փոխարէն պարտաւոր են թաքսի օգտագործել, կազմակերպած է նաեւ հարսանիքներու եւ այլ խրախճանքներու թաքսիի մատակարարում` նպատակ ունենալ ոգելից ըմպելիներու գործածութենէ ետք ինքնաշարժ չվարելը, «Մետքօ» քարիւղի կայարաններէն հինգին թաքսիի վարորդներու հանգիստի վայրերը վերակենդանացուցած է, որպէսզի յոգնած վարորդները մրափ մը առնեն:

Ժըպրան ներկայացուց զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ ճաշարանատէրերու սենտիքային հետ գործակցաբար կազմակերպած «Սէյվ տը Նայթ» (փրկէ գիշերը) ծրագիրը, որուն նպատակն է աւելի ապահով վայրերու վերածել խրախճանքներու եւ գիշերային ժամանցներու կեդրոնները, զգուշանալ անչափահասներու ներկայութենէն եւ նուազեցնել ինքնաշարժներու արկածներու թիւը: Ան ըսաւ, որ արդէն իսկ 70 ճաշարաններ եւ գիշերային ակումբներ տուեալ չափանիշերը ընդունած են կիրարկել:

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան խօսք առնելով կարեւորեց «Քուն Հատի» կազմակերպութեան աշխատանքի ոլորտը: Ան ըսաւ, որ ծնողք մը անհամբեր կը սպասէ իր զաւակին` գիշերային խրախճանքներէն վերադարձին, իսկ Ժըպրանն ու իր ընտանիքը հսկայ աշխատանք կը տանին իրազեկելու մեր զաւակները այս անհրաժեշտ նիւթին շուրջ: Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, ի մասնաւորի զբօսաշրջութեան ոստիկանութիւնը, ձեր կողքին են, հաստատեց ան: «Լիբանան բոլորին համար զբօսաշրջական ուղղութիւն պիտի ըլլայ: Մեր նպատակն է ապահով զբօսաշրջութիւն ունենալ երկրին մէջ», եզրափակեց նախարարը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Կը Նախագահէ Խորհրդարանի Դիւանի Նիստի

Յաջորդը

Լիբանանն Ու Փոթորիկը…

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.