Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կը Հետեւի Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին

Նոյեմբեր 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ զօր. Միշել Աուն կը հետեւի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, որուն առնչութեամբ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ շարք մը տեսակցութիւններ ունեցաւ:

Դիւանագիտական հանդիպումներու ծիրին մէջ, հանրապետութեան նախագահը տեսակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէի հետ: Անոնք քննարկեցին տեղական ու շրջանային զարգացումները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսեցան Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի` յառաջիկայ փետրուարին Լիբանան կատարելիք այցելութեան ու Լիբանանի տնտեսութիւնը զարգացնելու համար «Սետր» խորհրդաժողովին որոշումներն ու յանձնարարութիւնները ի գործ դնելու պատրաստութիւններուն մասին: Ֆրանսայի դեսպանը հաստատեց տարբեր մակարդակներու վրայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար Լիբանանին օժանդակելու պատրաստակամութիւնը:

Այնուհետեւ, հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան ընթացաւարտ դեսպան Մարթա Ինես Փիցանելլին: Նախագահ Աուն դրուատեց ընթացաւարտ դեսպանին ջանքերը երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացման գծով եւ բարի երթ մաղթեց անոր ստանձնելիք պաշտօնին:

Տնտեսական գետնի վրայ, հանրապետութեան նախագահը ընդունեց «Իքարտա» չոր շրջաններու մէջ երկրագործական ուսումնասիրական միջազգային կեդրոնի նախագահ Մարկրիթ Թալթուիզծը, որուն կ՛ընկերակցէր պատուիրակութիւն մը` բաղկացած կեդրոնին բարգաւաճման յանձնախումբի Լիբանանի ներկայացուցիչ, երկրագործական հետազօտութեանց ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Միշել Աֆրամէն, կեդրոնին ընդհանուր տնօրէն Ալի Ապու Սապաայէն, ինչպէս նաեւ կեդրոնի տարբեր երկիրներու անդամներէ:

«Իքարտա»-ի նախագահ Թալթուիտծ նախ բացատրեց 1977-ին հիմնուած կեդրոնին նպատակը եւ խօսեցաւ իրագործումներուն մասին, որոնք կ՛առնչուին երկրագործներուն աւելի լաւ արդիւնաբերութիւն տալու համար ուսումնասիրութիւններ կատարելուն: Թալթուիտծ նշեց նաեւ կեդրոնին եւ Լիբանանի երկրագործական հետազօտութեանց գործակցութեան նպաստին մասին, ու դիտել տուաւ «Իքարտա»-ին ներդրումը Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի երկրագործութեան բարգաւաճման գծով: Յաջորդիւ, կեդրոնի Լիբանանի մասնաճիւղի ընդհանուր տնօրէն Ապու Սապաա ընդգծեց «Իքարտա»-ի անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի մէջ եւ հաստատեց Լիբանանի մէջ երկրագործութեան բարգաւաճման համար կեդրոնին հետ համագործակցելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, նախագահ Աուն վեր առաւ կեդրոնին տարած աշխատանքը, մանաւանդ Լիբանանեան գետնի վրայ: Ան նշեց Լիբանանի ներկայ տնտեսական համակարգէն արտադրողական տնտեսութեան անցնելու ձգտումը` համաձայն «Ազգային տնտեսական ծրագիր»-ին, որուն արդիւնքը պիտի արտացոլայ տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային զանազան հարցերու մէջ:

Նախորդը

Յակոբ Բագրատունի «Էլ. Պի. Սի.»-ին. «Պետական Նախարարով Հայերուն Ներկայացուցչութիւնը Կառավարութեան Մէջ Քննարկման Ենթակայ Չէ»

Յաջորդը

Աւստրալիա Արցախի Տագնապին Հարցով Կողմերէն Ոչ Մէկուն Կը Սատարէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?