Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Քննարկումի հիմնական առանցք դարձան ելեւմտական եւ տնտեսական մարզերուն վերաբերող հարցեր:
Քանաան եւ Ֆուշէ քննարկեցին նաեւ խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքները, որոնց շարքին` «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու, յատկապէս բարեկարգումները իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:



