«Մարատա» հոսանքի ղեվակար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Լիբանանի նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի Զղարթայի պալատին մէջ ընդունեց Էհտենի ջարդին ընթացքին զոհուածներուն ծնողները: Անոնց հետ տեսակցութեան ընթացքին, երեսփոխանը խօսեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իրենց ունեցած հանդիպումներուն մասին եւ յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած հաշտութենէն ետք բնական է, որ ըլլան երկխօսութիւններ, իսկ ապագայի նկատմամբ դրական ակնկալութիւններով տրամադրուած են անոնք: Ֆրենժիէ ըսաւ, թէ մեկնելով «Աստուած ներեց կատարուածին» ասացուածքէն, տեղի կ՛ունենան հանդիպումներ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ անոր ղեկավար Սամիր Ժահժահին հետ: Ան նշեց, որ որեւէ մէկ կերպով անտեսուած չէ «Մարատա» հոսանքին եւ նահատակներուն նկատմամբ յարգանքը:
Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ բաց միտքը ուժի նշան է եւ ոչ թէ տկարութեան: «Մենք կը գործենք մեր սկզբունքներուն հիման վրայ եւ հաստատ ենք մեր ծրագիրներուն իրագործման մէջ: Կը գործենք մեր պատմութեան եւ այն նահատակներուն քայլերով, որոնք ինկան, որպէսզի Լիբանանը ազատ ու անկախ մնայ», ըսաւ ան ու ընդգծեց, որ «միասնաբար լաւ ու վատ օրեր ապրած ենք եւ այդպէս ալ պիտի շարունակենք ապագային»:



