Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աուն Պիտի Մերժէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթի Արգելակումը, Եւ Պէտք Է Զօրակցիլ Անոր Կեցուածքին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

November 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանին վերաբերող շարք մը հարցեր, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող խնդիրները:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է իր կատարած հովուապետական այցելութեան արդիւնքները, Հռոմի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդական եռօրեայ սիւնհոդոսին կապուած մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ 22 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս պապին հետ իր ունենալիք հանդիպումին առնչուած հարցեր:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցերը, յատկապէս այդ հոլովոյթին  մէջ մետասաներորդ պահուն յայտնուած նոր հարցը, որ ուղղակի ցաւ պատճառած է նախագահին:

«Նախագահ Աուն պիտի մերժէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումը, իսկ մենք բոլորս պէտք է զօրակցինք նախագահ Աունի կեցուածքին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել նոր նախարարաց խորհուրդը: Պէտք է վերջ տալ նոր հարցերու եւ թնճուկներու ստեղծումին», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ բոլոր լիբանանցիները զօրակցին նախագահ Աունի կեցուածքներուն` շեշտելով, որ լուծումները Լիբանանի եւ լիբանանեան ներքին միասնականութեան ու լիբանանեան ներքին հաւասարակշռութեան հաշուոյն պէտք չէ ըլլան: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առումով կայուն մնայ:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի Պքերքէ այցելութիւնը մօտալուտ է:

Նախորդը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կոչ Կ՛ուղղէ Պըրրիին Սիւննիական Ներկայացուցչութեան Թնճուկը Հանգուցալուծելու

Յաջորդը

Ստեփանակերտը Կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Նոր Քալետոնիոյ Հանրաքուէն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.