Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Քաֆէին Փրես» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ սէուտցի պատուիրակ Եզիտ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ իր հանդիպումին պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն կը տրուի` նկատի ունենալով, որ ասիկա չորրորդ կամ հինգերորդ անգամն է, որ անոր հետ հանդիպած է:
«Պըն Ֆարհան իշխանին հետ հանդիպումը նախապէս ճշդուած էր եւ կապ չունի շրջանային զարգացումներուն, մասնաւորաբար սէուտական-էմիրաթական տարակարծութիւններուն հետ», նշեց Պասիլ:
«Ամէն պարագայի, մենք Սէուտական Արաբիոյ հետ համաձայն ենք շարք մը հարցերու շուրջ, որոնք են պետութիւններու ամբողջականութիւնը, կառոյցներու միութիւնը, զէնքին միութիւնը, այսինքն` զէնքի ազգային բանակներուն մենաշնորհումը, եւ ոչ թէ խմբաւորումներուն, զօրամասերուն եւ միլիսներուն սեփականութիւնը դառնալը, ըլլայ այդ Լիբանանի, թէ շրջանին մէջ:
«Այն, ինչ որ այսօր Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ տեղի կ՛ունենայ, եւ կրնայ Իրանի մէջ տեղի ունենալ, ինչպէս նաեւ տարիներէ ի վեր Եթովպիոյ եւ Սոմալիի մէջ տեղի կ՛ունենայ, ծիրին մէջ է ծրագիրի մը, որ կը բաղկանայ երկու բաժիններէ` Սէուտական Արաբիան պաշարել եւ Պաղեստինի մէջ երկու պետութիւններու գաղափարը հարուածել, ուստի Սէուտական Արաբիան այսօր գլխաւոր երկիրն է, որ այդ դրօշը կը բարձրացնէ, մանաւանդ 7 հոկտեմբերէն ետք, եւ ասիկա բացառապէս լիբանանեան եւ միայն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիրքորոշումը չէ»:
«Միւս կողմէ, գոյութիւն ունի հին ծրագիր մը, որ Իսրայէլ գործադրած է եւ այսօր գործնականին մէջ անոր գործադրութեան վրայ կ՛աշխատի, որ պետութիւններու մասնատումն ու տկարացումն է: Ասիկա նորութիւն չէ, ո՛չ երկու ճամբարի բաժնուած քրիստոնէական մտածելակերպին մէջ, ո՛չ ալ լիբանանեան պատերազմի ընթացքին մեր տեսած աշխատանքին մէջ կամ նոյնիսկ այսօր, երբ կարգ մը լիբանանցիներ կ՛ուրախանան շրջանին մէջ տեղի ունեցածէն` այն յոյսով, որ քրիստոնէական պետութիւն կամ քրիստոնէական հայրենիք կը ստեղծուի: Ասիկա հիմնական նիւթ է, եւ մենք ու Սէուտական Արաբիան անոր շուրջ համակարծիք ենք», նշեց երեսփոխանը:
Պատասխանելով նշեալ երկխօսութեան շարունակման համար Սէուտական Արաբիա այցելութեան կարելիութեան շուրջ հարցումի մը` Պասիլ ըսաւ. «Ատիկա մանրամասնութիւն է: Հարցը ընտրութիւններուն հետ կապ չունի, այլ վերջերս շրջանին մէջ տեղի ունեցածին: Անիկա կապ ունի համամտութեանը հետ գահաժառանգ Մուհամետ Պըն Սալման իշխանի թեզին, որ հիմնուած է թագաւորութեան մէջ յեղափոխութեան եւ շրջանին մէջ նոր պատկերացումի վրայ, որ տնտեսական մրցակցութեան վրայ հիմնուած է, ոչ թէ` զինուորական ու ապահովական հակամարտութեան: Եւ ինչպէ՞ս չըլլանք այս թեզին հետ:
«Այսօր յստակ է, թէ սահմաններու փոփոխութիւն, պետութիւններու մասնատում եւ շրջաններու վերասահմանագծում կայ: Այս իրողութիւնները սկսան իրականութիւն դառնալ ինչպէս Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ գոյութիւն ունեցող հրահրումով:
«Մեզի համար այս հարցը առաջնակարգ է, որովհետեւ կապ ունի Լիբանանի գոյութեան եւ Լիբանանի գաղափարին, անոր մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան հետ: Եթէ այսօր կայ արաբական հզօր կողմ մը, որ արաբական մակարդակի վրայ ամէնէն հզօրն է, այս ծրագիրը կ՛որդեգրէ, ապա բնական է, որ անոր հետ համամիտ ըլլանք», յայտնեց Պասիլ:


