Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը ընդունելով քննարկեց քաղաքական զարգացումները, օրէնսդրական խնդիրներ, երեսփոխանական ընտրութիւններու օրէնքներուն եւ հաղորդակցութեան ցանցերու թղթածրարին առնչուած խորհրդարանական յանձնախումբերու աշխատանքները:
Պու Սաապ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հիմնական խօսակցութիւնը օրէնսդրական աշխատանքի եւ յառաջիկայ շաբաթ խորհրդարանի լիագումար նիստի, յառաջիկայ նիստին ամավարկի որդեգրման շուրջ էր»:
«Կառավարութիւնը շտապ օրինագիծ ուղարկած է` պահանջելով քանի մը փոփոխութիւններ, որոնց շարքին` 16-րդ ընտրաշրջանի չեղեալ նկատուիլը կամ ատոր մէկ անգամի համար կասեցումը, ինչպէս տեղի ունեցաւ նախորդ նստաշրջանին, եւ քուէարկութեան համար «մեկակեդրոն»-ի ստեղծումը եւ այլն:
«Այս խնդրանքը ներկայացուած է կառավարութենէն, միեւնոյն ժամանակ կառավարութիւնը զեկուցում հրապարակած է արտաքին գործոց, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու նախարարութիւններէն կազմուած յանձնախումբին կողմէ` համաձայն գործող օրէնքին: Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ 16-րդ ընտրաշրջանը ունի հարիւր հազար լուծում ընտրութիւնները կատարելու համար` հիմնուելով ատոր վրայ, եւ նոյն ժամանակ անիկա կը ներկայացնէ որոշ բաներ, որոնք կը խոչընդոտեն ատոր իրականացման, սակայն այս զեկուցումը չէ հասած խորհրդարան, եւ, հետեւաբար, մենք չենք կրնար զայն ուսումնասիրել, քանի որ անիկա չէ համապատասխանած կառավարութեան կողմէ խորհրդարան ներկայացուած իրաւական ծիրին», ըսաւ խորհրդարանի փոխնախագահը:
«Գործող կառավարութիւնը պարտաւոր է փետրուարին յայտարարել ընտրութիւններ` համաձայն գործող օրէնքին, եւ ես խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն լսեցի, որ ընտրութիւնները պիտի կայանան 1 մայիսին` ըստ նախատեսուած ժամկէտին եւ գործող օրէնքին», շեշտեց ան:
«Ուստի, կառավարութիւնը այսօր պէտք է այդ հիմամբ գործէ, եթէ ոչ յստակ որեւէ բան ունի, ապա պէտք է այժմէն ըսէ, թէ խոչընդոտները ո՞ւր կը գտնուին, որպէսզի չհասնինք պահու մը, երբ ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան ամբողջ Լիբանանի մէջ, բացի մէկ ընտրաշրջանէ, ուր ընտրութիւններ չկան: Այդ պարագային ոեւէ մարդ կրնայ ըսել, թէ ընտրութիւնները չեն ամբողջացած, եւ կրնայ բողոք ներկայացուիլ», աւելցուց խորհրդարանի փոխնախագահը:
«Եթէ կ՛ուզենք բարեփոխումներ կատարել, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի արտերկիր բնակողներուն 128 երեսփոխաններու քուէարկութեան, մէկէ աւելի անգամ ըսի եւ կը կրկնեմ` կ՛ուզեմ, որ արտերկիրի լիբանանցիները 128 երեսփոխաններու քուէարկեն, սակայն ատիկա կը պահանջէ ժամկէտներու վերաբացում, որպէսզի արտերկրի լիբանանցին կարենայ արձանագրուիլ այն հիմամբ, որ 128 երեսփոխան կ՛ընտրէ, եւ ոչ թէ ինչպէս հիմա արձանագրուած է արտերկրի երեսփոխաններու ընտրութեան համար», նշեց Պու Սաապ:
«Ժամկէտները վերաբանալը կը նշանակէ յետաձգում պահանջել, եւ ոմանք զայն թեքնիք կամ ոչ թեքնիք յետաձգում կամ այլ անուններով կը կոչեն, սակայն իմաստը միեւնոյնն է` ընտրութիւններու յետաձգում: Այսօր խորհրդարանի նախագահ Պըրրիէն լսեցի, որ չ՛ուզեր բարեփոխումներու մէջ մտնել, այլ կ՛ուզէ ներկայ օրէնքը կիրարկել իր ժամկէտին` մայիսի սկիզբին, սակայն կառավարութիւնը մեզի հետ յստակ չէր, ինչ կը վերաբերի ներկայ օրէնքի գործադրութեան: Եւ այժմ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` մեզ փոխանցելու, թէ 16 ընտրաշրջաններուն մէջ ընտրութիւններ կատարելու կարո՞ղ է, այլապէս մեզի ներկայացնէ իր լուծումը», ըսաւ խորհրդարանի փոխնախագահը:


