– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Ֆրանսացիները առաջինն էին, որոնք ակնարկեցին ամերիկա-իսրայէլեան մօտեցման փոփոխութեան` հիմնուելով այն իրերայաջորդ ցուցանիշերուն վրայ, թէ Ուաշինկթըն կ՛որդեգրէ Իսրայէլի տեսակէտը` յառաջ մղելով Ամերիկայի անմիջական հովանիի տակ` առանց այլ կողմերու անհրաժեշտութեան Լիբանան-Իսրայէլ երկխօսութիւնը»:
– ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Մինչեւ հիմա փետրուարի սկիզբին նախարարաց խորհուրդի նիստի թուական չճշդուեցաւ, եւ յայտնի չէ, թէ անիկա լիբանանեան բանակի հրամանատարի Ուաշինկթըն այցելութենէն առա՞ջ, թէ՞ ետք պիտի գումարուի, իսկ Նաքուրայի մէջ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովները խափանուած են»:
– ՇԻԻ երկեակէն նախարար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախարարաց խորհուրդին մէջ քաղաքական մթնոլորտը հանգիստ չէ: Նախարարաց խորհուրդին մէջ զինաթափման կոչ ուղղողներուն հետ լեզուակռիւներ տեղի կ՛ունենան, սակայն անոնց մանրամասնութիւնները հանրութեան չեն հասնիր»:
– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակի հրամանատարի Միացեալ Նահանգներ նոր այցելութիւնը դասաւորուեցաւ մէկէ աւելի միջնորդներու միջոցով, որոնց գլխաւորները Միացեալ Նահանգներու դեսպանն ու սէուտցի պատուիրակն էին: Այցելութիւնը դասաւորուեցաւ յստակ հիմերով` լիբանանեան բանակը պէտք է ցոյց տայ իր լրջութիւնը` յստակ ու որոշակի ժամկէտներու մէջ աւարտելու Լիբանանի ամբողջ տարածքին զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու հոլովոյթը»:
– ԱՌՆՉԱԿԻՑ դիւանագիտական շրջանակներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «5 մարտին Փարիզի մէջ լիբանանեան բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովի թուականն ու վայրը վճռուած են, եւ այլեւս ենթակայ չեն որեւէ փորձի` զայն կապելու ներքին քաղաքական բանավէճին կամ տեղական հռետորաբանութեան մէջ կրկնուող դիրքորոշումներուն, որոնք առնչակից մայրաքաղաքներու մէջ կը նկատուին կուտակուած աղմուկ, որ իրողական ընթացքին մէջ ոչինչ կը փոխեն եւ միջազգային որոշումի ուղղուածութեան վրայ չեն ազդեր»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ նախարարական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Փետրուարին պիտի գումարուի Լիբանանցի, սուրիացի, եգիպտացի եւ յորդանանցի պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ քառակողմ ժողով մը` քննարկելու համար կազի եւ ելեկտրականութեան մղման թղթածրարին առնչուած համակարգումը եւ վերատեսութեան ենթարկելու Պաշշար Ասատի վարչակարգի ժամանակաշրջանին կնքուած համաձայնութիւնները»:
– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Ընտրական օրէնքին եւ ընտրական հոլովոյթին շուրջ արձանագրուած զարգացումները մեզ հասցուցին արդիւնքի մը, որ կարելի է ամփոփել մէկ կողմէ արտասահմանի մէջ լիբանանցիներու քուէարկութեան բացառմամբ եւ միւս կողմէ` թիւ 1 ընտրաշրջանին առնչուած յօդուածի գործադրութեան, այսինքն` արտասահմանի լիբանանցիներուն 6 յաւելեալ երեսփոխաններու քուէարկութեան բացառմամբ»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը երէկ երեկոյեան սպառնաց հարաւային Լիբանանի Քնարիթ, Ժարժուհ եւ Քֆուր գիւղերուն մէջ շէնքերու վրայ օդային յարձակում գործել, ապա յարձակում գործելով սեփականութիւններուն հսկայական վնասներ պատճառեց:
Իսրայէլեան բանակը նաեւ սպառնաց հարաւային Լիբանանի Խրայեպ եւ Անսար գիւղերուն մէջ շէնքեր հարուածել, ապա օդային յարձակումներ գործելով մեծ վնասներ պատճառեց:


