Բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ Եարզէի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Քանատայի դեսպաններու ներկայութեան ցամաքային սահմաններու պաշտպանութեան օժանդակութեան ծրագիրի հսկողութեան յանձնախումբի ժողովի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Սահմաններու պաշտպանութեան նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը վերջնական է: Այդ նպատակին համար մեծ ջանքեր թափեցինք եւ զոհողութիւններ կատարեցինք, սակայն այս նպատակի ազդու իրագործումը զինուորական տեսակարար աջակցութիւն կը պահանջէ` մեկնելով հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներու ծաւալէն»:
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան ծրագիրին գործադրուած փուլերը եւ հիւսիսային ու արեւելեան սահմաններու հսկողութեան, մաքսանենգութեան ու ապօրինի ներգաղթի պարտականութիւնը ունեցող զինուորական միաւորներու ամրապնդման յառաջիկայ քայլերը, ինչպէս նաեւ այն մարտահրաւէրները, որոնք այդ միաւորները կը դիմագրաւեն ներկայ զարգացումներու լոյսին տակ:
Ժողովի մասնակից դեսպանները նշեցին Լիբանանի անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման մէջ բանակի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` բարձր գնահատելով անոր արհեստավարժութեան մակարդակն ու յաջողութիւնը:
Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին բանակին աջակցութիւնը` ամրապնդելու համար լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ անոր պարտականութիւններու կատարումը:
Բրիտանիոյ դեսպան Հէյմիշ Քաուըլ շեշտեց. «Պիտի շարունակենք Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մեր գործընկերներուն ու միջազգային ընտանիքին հետ սերտօրէն աշխատիլ` ամրապնդելու համար Լիբանանի ապահովութիւնը, կայունութիւնը եւ հողերու անվտանգութիւնը»:
Ան նաեւ ողջունեց զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու իրագործման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը, «եւ անիկա դէպի կայուն եւ ապահով Լիբանան հիմնական քայլ է»:


