Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 11, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ հրապարակեց նախարարաց խորհուրդին կողմէ վաւերացուած եւ թիւ 40 ու 10 փետրուար 2026 թուագրեալ 2026 թուականի պետական ամավարկը:

– ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունին Լիբանանին ուղղուած իրերայաջորդ յորդորներ` անհրաժեշտութեանը մասին Իսրայէլի հետ Ուաշինկթընի հովանաւորութեամբ մերձակայ երրորդ երկրի մը մէջ ուղղակի բանակցութիւններ կայացնելու` զինադադարը ամրապնդելու եւ առկախ մնացած կէտերը կարգաւորելու համար, սակայն Լիբանանը տակաւին կը մերժէ այս առաջարկը»:

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան չափազանց զգայուն փուլ մը կը դիմագրաւէ, եւ զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ որեւէ քայլ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններուն արդիւնքին կապելը երկիրը կը դնէ մահաբեր սպասման դիրքի վրայ»:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ  աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Պետութեան Պէյրութի, Քեսրուանի, Ժիպէյլի, երկու Մեթըններուն, Ալէի եւ Շուֆի մէջ եղածին նման հարաւային Լիբանանի մէջ եւ սահմանին վրայ ըլլալու որոշումը հարաւցիներուն նկատմամբ անոր վերաբերմունքին մէջ տեսակարար փոփոխութիւն է»:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Մուտուն»-ին. «Վարչապետ Սալամի հարաւային Լիբանան այցելութիւնը իսկական ու ինքնավստահ մուտք մըն է պետութեան իրողական վերադարձին եւ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին վերաշինութեան աշխատանքի մեկնարկին»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Կարելի չէ անտեսել վարչապետ Սալամի հարաւային Լիբանան այցելութեան ունեցած դրական մթնոլորտը: Անկասկած, Հըզպալլան ուզեց փոխանցել այն պատգամը, թէ կ՛ողջունէ պետութեան հարաւային Լիբանան վերադարձն ու իշխանութեան տարածումը, եթէ ուղեկցուի  անոր պարտականութիւններուն կատարումով, որոնց առաջինը վերակառուցումն է»:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապի Ռամիա «Տիար» օրաթերթին. «Փարիզ կ՛աջակցի Լիբանանին, հակառակ իր դերակատարութիւնը լուսանցքայնացնելու փորձերուն: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պարրօ շեշտը դրաւ ելեւմտական բարեկարգումներուն եւ Լիբանանը շրջանային որեւէ ճակատումէ զերծ կացուցելուն վրայ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Քուէյթի լիբանանեան հիւանդանոցներ ահաբեկչական նկատելու քայլը երկու տարիէ ի վեր շարունակուող պատերազմի ծիրին մէջ է, եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, պատգամ է պաշարումին նոր մակարդակ անցումին, որ զինուորականէն, ապահովականէն եւ ելեւմտականէն ետք կը ներառէ նոր ոլորտներ»:

– «ՌԱՍՈՒԼ ԱՀԶԱՄ» հիւանդանոցի տնօրէնը «Ախպար» օրաթերթին. «Չէ պատահած, որ հիւանդանոցներ ահաբեկչութեան ցուցակի վրայ ներառուին, եւ որոշումէն առաջ որեւէ ցուցանիշ գոյութիւն չունէր, իսկ Քուէյթը ծանօթ է հիւանդանոցային ոլորտին իր աջակցութեամբ»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Աքքարի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի ընթրիքի ընթացքին երեւան եկաւ Ահմետ Հարիրիի կողմէ Հատի Հպէյշն ու Ուալիտ Պաարինին միատեղելու ճիգ` նկատի ունենալով անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող խզումը: Ան դիտաւորեալ կերպով զանոնք կողք-կողքի նստեցուց, եւ մթնոլորտը դրական թուեցաւ, որովհետեւ անոնք ժամանակը անցուցին իրարու հետ զրուցելով»:

– 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 7000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.410.000 լ.ո.-ի եւ 1.453.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 8000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.345.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 1.371.000 լ.ո.-ի:

 

Նախորդը

Թրամփ Աշխարհի Ղեկավարները Հրաւիրեց 19 Փետրուարին Խաղաղութեան Խորհուրդի Բացման Նիստին

Յաջորդը

Արտիլ. «ՖԻՆԻՒԼ-ը Մտադիր Է Իր Ուժերուն Մեծամասնութիւնը Լիբանանէն Հեռացնել 2027-ի Կիսուն Եւ Իր Գործողութիւնները Աւարտել Այս Տարուան Վերջաւորութեան»

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

February 19, 2026
Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է  Իր Պարտաւորութիւնները  Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը  Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»
Լիբանանեան

Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է Իր Պարտաւորութիւնները Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»

February 19, 2026
Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան  Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման  Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»
Լիբանանեան

Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»

February 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.