Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ հարաւային Լիբանան իր շրջագայութեան երկրորդ օրը սկսաւ սահմանամերձ Քֆարքիլա գիւղէն, ուր նշեց. «Այցելութիւնս հաստատելու համար է, որ պետութիւնը իր բոլոր ծառայութիւններով կը կանգնի աղէտեալ գիւղերու կողքին»:
«Կ՛ուզեմ ծրագիրներ, որոնք կիրարկելի են, եւ աշխատանք պիտի տանիմ վերականգնելու այն ճամբաները, որոնց վերականգնման կարիքը կայ, վերականգնելու հաղորդակցութիւններու, ելեկտրականութեան ու ջուրի ցանցերը: Վերաշինութիւնը կը սկսի ենթակառոյցներէն», աւելցուց ան:
«Կարճ ժամանակ ետք այստեղ պիտի վերադառնամ վստահ ըլլալու համար, որ այս ծրագիրները պէտք եղածին պէս կը գործադրուին», նշեց Սալամ:
Վարչապետը ապա այցելեց Մարժաայունի սերայ, ուր նշեց, որ պետութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններով եւ ներուժով պիտի վերադառնայ հարաւ` աւելցնելով, որ վերաշինութիւնը կը սկսի ենթակառոյցներու վերականգնումով:
Ան գնահատեց լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ պետութեան իշխանութիւնը տարածելու դերակատարութեան համար` նշելով, որ Հարաւային Լիբանանի խորհուրդը պետութեան մէկ հիմնական մասն է, եւ յիշեցուց, թէ պետութիւնը երկար ատեն բացակայած է հարաւային Լիբանանէն:
Սալամ նշեց, թէ աշխատանքը պիտի ներառէ ճամբաներու վերականգնումը եւ ելեկտրականութեան ու ջուրի ցանցերու շարք մը ցանցերու ապահովումը` ընդգծելով, որ այդ աշխատանքները ամիսներ պիտի չտեւեն:
Վարչապետը ապա հասաւ Քֆարշուպա, ուր Արքուպի շրջանի մեծաթիւ բնակիչներու կողմէ ընդունելութեան արժանացաւ:
«Քֆարշուպան տոկունութեան հասցէն է, եւ շատ լաւ գիտենք Արքուպի բնակիչներուն երկար տարիներու վրայ յարձակումէն, զրկումէն ու անտեսումէն կրած տառապանքը, անոնք լիբանանեան պետութեան մօտ հաստատ իրաւունքներ ունին: Նաեւ կը գիտակցինք այն մեծ քանդումին, որ շրջանը կրեց, ուստի անոր բնակչութեան տոկալուն աջակցիլը մեր աշխատանքին մէջ հիմնական առաջնահերթութիւն է: Գոյութիւն ունին ուսումնասիրուած ծրագիրներ, որոնք կը հետապնդուին: Անոնց գլխաւորն է Սուք Խան-Շըպաա ճամբան` նկատի ունենալով շրջանի զաւակներուն համար ունեցած անոր կենսական կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կոյուղիներու թղթածրարը եւ պետական դպրոցներու վերականգնումն ու վերանորոգութիւնը, ինչ որ մեր զաւակներուն կրթութեան արժանավայել միջավայր կը ստեղծէ», ըսաւ Սալամ:
Վարչապետը նաեւ այցելեց Նապաթիէի քաղաքապետարան, ուր յայտարարեց. «Միջազգային կողմերուն հետ աշխատանք կը տանինք իսրայէլեան թշնամական արարքներու դադրեցման եւ գերիներու վերադարձին համար»:
Վարչապետը հարաւային Լիբանանի մէջ իր շրջագայութեան առաջին օրուան ընթացքին Եարին եւ Թէյր Հարֆա գիւղեր այցելելով շարք մը ծրագիրները յայտարարեց եւ շեշտեց. «Պետութիւնը ներկայ է, որպէսզի մնայ, ոչ թէ` այցելէ ու մեկնի»:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ հարաւային Լիբանան իր շրջագայութեան առաջին փուլին Սուր հասնելէ ետք «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Այսօր հարաւային Լիբանան կու գամ յանուն Լիբանանի կառավարութեան` մէկ յստակ բան ըսելու. հարաւային Լիբանանի ժողովուրդի անվտանգութեան, անոնց տուներու, հողերու եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը անմասնատելի ազգային իրաւունք է: Իսրայէլի յարձակումները մեր գերիշխանութեան, քաղաքայիններու կեանքի եւ ժողովուրդի անվտանգ ապրելու իրաւունքին վրայ յարձակումներ են: Սակայն այսօր պետութեան այստեղ ներկայութիւնը ուղերձ է այս իրականութեան առջեւ, այս ուղերձը այն է, որ պետութեան իշխանութեան ընդլայնումը ամբողջական չէ միայն բանակի տեղակայումով եւ հողի վերահսկողութեամբ, այլ որ պետութեան գերիշխանութիւնը նաեւ պատասխանատուութիւն է ժողովուրդի եւ անոր խնդիրներուն նկատմամբ: Ատիկա բաց դպրոց է, գործող առողջապահական կեդրոն, ջուր, ելեկտրականութիւն, հաղորդակցութիւն, անցանելի ճամբաներ եւ արժանապատիւ կեանք»:
«Կ՛աշխատինք երեք առանցքներու վրայ. այսօր մեր ուշադրութեան հիմնական կեդրոնն է տեղահանուածներու արժանապատուութեան պահպանումը, վերադարձողներուն աջակցիլը եւ բոլորին համար աւելի լաւ կեանքի ապահովումը: Մենք նաեւ կ՛աշխատինք երեք համարկուած ուղղութիւններով` շարունակական օգնութիւն, վերակառուցում եւ վերականգնում, տնտեսական ու ընկերային զարգացման համար պայմաններու ստեղծում:
«Այսօր ես այստեղ եմ` յայտարարելու շարք մը վերակառուցման նախագիծեր, որոնք կարելի դարձած են ֆինանսաւորման հասանելիութեան շնորհիւ` թէ՛ ընդհանուր պիւտճէէն, թէ՛ Համաշխարհային դրամատունէն 250 միլիոն տոլարի արտօնեալ վարկերու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսական զարգացման գործակալութենէն 75 միլիոն եւրոյի տրամադրման միջոցով: Աւելի՛ն. Եւրոպական միութենէն, Ֆրանսայէն եւ Դանիայէն ապահովուած է 35 միլիոն եւրոյի դրամաշնորհ` տնտեսական վերականգնման աջակցելու համար, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով գիւղատնտեսութեան եւ գիւղատնտեսական համագործակցութեան ընկերութիւններուն», աւելցուց ան:
«Մօտ օրէն երկրորդ այցելութեամբ մը պիտի վերադառնամ հարաւային Լիբանան` հետեւելու համար այս ծրագիրներու գործադրութեան», եզրափակեց վարչապետ Սալամ:


