Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քասեմ. «Լիբանանի Վրայ Յարձակումին Շարունակութիւնը Կապուած Է Դիմադրութեան Վերջ Տալուն. 15 Ամիս Անցաւ, Եւ Չկրցան Ատիկա Իրագործել»

February 11, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանան ժողովրդային, աշխարհագրական եւ աշխատանքային մակարդակի վրայ մեծ կարողութիւնններ ունի յառաջադէմ երկիր մը ըլլալու, եւ Լիբանան շատ կարեւոր երկիր է, որովհետեւ կրցաւ իր անկախութիւնը պահպանել, հողը ազատագրել եւ հսկայական զոհաբերութիւններ կատարել, եւ ան, որ Լիբանանի մէջ կարողութիւններ ունի, կրնայ զայն դարձնել բարձրագոյն մակարդակի երկիր: Լիբանանի դիմագրաւած կեդրոնական խնդիրը Լիբանանի կարողութիւններուն նկատմամբ ախորժակ ունեցող իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակումն է:

Ան ըսաւ, որ Լիբանանի վրայ յարձակումին շարունակութիւնը կապուած է Դիմադրութեան վերջ տալուն` աւելցնելով, որ 15 ամիսներ անցան, եւ չկրցան ատիկա իրագործել: Մեծ տէրութիւնները բազմապիսի ճնշումներ գործադրեցին Լիբանանի եւ անոր բանակին վրայ Դիմադրութիւնը զինաթափելու համար, եւ լիբանանեան կառավարութիւնը մղեցին զէնքի մենաշնորհման որոշումը որդեգրելու, սակայն այս ճնշումը չյաջողեցաւ: Աշխատանք տարուեցաւ բանակին ու Դիմադրութեան միջեւ սադրանք յառաջացնելու, սակայն երկու կողմերուն զգօնութիւնը պատճառ դարձաւ, որ այդ աշխատանքը ձախողութեան մատնուի:

«Արգիլեցին վերաշինութիւնը այն պատրուակով, թէ պահանջուածը զէնքի մենաշնորհումն է», աւելցուց ան` նշելով. «Ժողովուրդն է Դիմադրութիւնը, եւ Դիմադրութիւնը` ժողովուրդը, եւ չկրցան անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող այս կապը խզել»:

Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ արմատաւորուած դաշինք գոյութիւն ունի, «որովհետեւ մենք մէկ մարմին ենք, եւ կուսակցութեան ու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ վերջին հանդիպումը հերթական էր, եւ ոչ թէ անոնց միջեւ գտնուող խնդիրի մը կարգաւորման համար, այլ` քննարկուեցան խորհրդարանական ընտրութիւնները, գործակցութեան ձեւը, վերաշինութեան արագացումն ու դիմադրութեան դիմակայումը:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յիշեցուց, որ բոլոր պետութիւններուն կողմէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի վրայ ճնշումը չի դադրիր` «անոր եւ մեր միջեւ խզում յառաջացնելու համար: Երկուքս ալ յարձակումին դադրեցումը կ՛ուզենք. թող ոչ ոք մեր միջեւ պառակտում յառաջացնելու վրայ աշխատի: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը շատ լաւ էր: Ան յստակ դարձուց, որ թշնամին սահմանամերձ գիւղերը հողին կը հաւասարեցնէ, եւ շատ տգեղ կերպով կը վարուի, որպէսզի այդ հողը մեկուսացած մնայ»:

Անդրադառնալով վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հարաւային Լիբանան այցելութեան` շէյխ Քասեմ յայտնեց. «Բարձր կը գնահատենք վարչապետին հարաւային Լիբանան այցելութիւնը, որ Լիբանանի կառուցման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ է: Այցելութեան մէջ կարեւորագոյնը այն է, որ ան ըսաւ, թէ պիտի վերաշինենք եւ պիտի չսպասենք, որ յարձակումը դադրի: Կ՛ուզենք լիբանանեան կառավարութեան հետ գործակցիլ, որովհետեւ միասնաբար կրնանք Լիբանանը ոտքի կանգնեցնել»:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը կառավարութեան նաեւ կոչ ուղղեց Թրիփոլիով հետաքրքրուելու` նշելով, որ պէտք է Թրիփոլիի բնակիչներուն կողքին կանգնինք, ինչպէս նաեւ պէտք է կողքին կանգնիլ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին, որովհետեւ ատիկա ազգային պարտականութիւն է:

Շէյխ Քասեմ երէկ եւս պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած է` նշելով, որ ոչ ոք Լիբանանին կը թելադրէ իր պաշտպանական կարողութիւնը որեւէ պատրուակով տկարացնել` աւելցնելով. «Զինաթափումը Իսրայէլի եւ Ամերիկայի կեդրոնական նպատակն է»:

«Լիբանանը ամերիկեան եւ իսրայէլեան տիրապետութեան անցակէտ պիտի չըլլայ, եւ մեզ կը հետաքրքրէ, որ Իսրայէլ անկայուն մնայ», նշեց շէյխ Քասեմ:

 

Նախորդը

Արտիլ. «ՖԻՆԻՒԼ-ը Մտադիր Է Իր Ուժերուն Մեծամասնութիւնը Լիբանանէն Հեռացնել 2027-ի Կիսուն Եւ Իր Գործողութիւնները Աւարտել Այս Տարուան Վերջաւորութեան»

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Տնտեսական Ու Բարգաւաճման Գործակցութեան Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

February 19, 2026
Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է  Իր Պարտաւորութիւնները  Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը  Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»
Լիբանանեան

Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է Իր Պարտաւորութիւնները Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»

February 19, 2026
Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան  Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման  Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»
Լիբանանեան

Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»

February 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.